Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/193

Այս էջը սրբագրված է

հաճոյքէ աւելի բան մըն էր մեղի Համար։

«Նայիրի»ն եւ «Անի»ն հիւրընկալեցին զինք։

հարածը կը կարդացուէր։ Թեմէն խօսածը ունկնդիրներուն կը հասնէը։ Ենովային աոաւելութիւնները կանուխէն ու լաւագոյնս նկատած էր Ասատուր Պետեանը։ Ուրեմն այս զոյգը ընտանիք մը կազմեց։

Տէը եւ Տիկին ուսուցիչներ էին։ Ենովան հայերէն լեզուի, Ասատուրը Թուաբանութեան։ Երկուքն ալ օգտակար մարդիկ։

Այս ամուսնութենէն Ասատուրը օգտուեցաւ ունենալով սքանչելի կողակից մը, րայց սփիւռքահայ գրականութիւնը տուժեց։ Ենովան դադրեցաւ գրելէ։

1969թուականին, կիպրոս, ուր Ասատուր Պետեանը անօրէնութիւնը կը վարէր Մելգոնեան կրթական Հաստատութեան եւ Ենովան ուսուցչուհի էր, իրենց հիւրը եղայ։ Հինգ օրուան ընթացքին չուրջ հարիւր էջ գրեցի կիպրական տպաւորութիւններուս մասին եւ կարդացի իրենց։ Ենովան խանդավառուեցաւ։ Ըսաւ, ես ալ պիտի շարունակեմ գրել։ Թայց, դարձեալ չկրցաւ շարունակել։

Ահա անցած է մէկուկէս տասնամեակէ աւելի, այս օրերուն, գործի լծուած է Ենովան։ Կը հաւաքէ տարիներ աււաջ գրածները ու կը փորձէ գրել նոր պատմուածքներ։

Երբեք ուշ չէ։ Սիրով կը սպասենք կարդալ իր մաքուր ու սահուն հայերէնը։ Զինք ուր ալ տեսնեմ ուսուցչուհիս ինչպէ^ս ես, կիսեմ։ Այ տգայ, կը պատասխանէ ինք, լսողն ալ պիտի կարծէ, թէ ութսուն տարե­կան եմ, երբ քեզի պէս մեծ հօր մը ուսուցչուհին եդած եմ։

Հոգ մի ըներ օրիորդս, կը դիմախօսեմ ես, դուն ինձմէ փոքր ես, րտյց ուսուցչուհիս եղած ես։ կը խնդանք։

կրեթէ դրացիներ ենք։ Հայ լեցուին, հայ դիր ու մշակոյթին համար հոգի կ ու տայ Ենովան։ Մւր էր թէ մեզ ուրախացնէր գիրքով մը։

ԳԵՐՍԱՄ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆը կուսակցապետ էր, խմբագրապետ էր, զէյթունցի էր։ կրանիթի պէս մարգ մը, երբ խօսքր հայրենասիրութեան մասին ԸԱաը։ Թայց փուխր սիրտ ունէր։

փառորդ դարէ աւելի վարեց «Զարթօնք» օրաթերթին խմրագրութիւնը ու իր թեւրթին անունին չօւրջ հմայք մը ստեղծեց:

9՝երսամը ծնած էր ղեկավար դառնա/ու համար ու դարձաւ։

Պէյրոլթ ապրած տարիներուս յաճախ կը հանդիպէի «Զարթօնք»ի խմբագրատունը։ Միշտ սեղանին գլուխը նստած կիլլար ու գլուխր չէր