Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/197

Այս էջը սրբագրված է

յարկին տակ։ Անմիջապէս կանչեր Յովհաննէս Շէօհմէլեանը, Հայկաշէն Ուզունեանը եւ կիպրական խորհրդարանի անդամ։ Արամ Գալայճեանը։

Աքանչելփ հանդիպում էր:

կարապետ Փափագեան, Հռլր^ մէկուկէս տասնամեակէ ի կեր, առանձինն մեքենագիր կր հրատարակէ կիպրոսի Հ.Ո.Ը. Միութեան «Տեղե­կատու»ն:

կր հրատարակէ գիրքեր, կր գրէ անհատնում յօդուածներ։ Ուրկէ՜ ժամանակ կր գտնէ։

Ինծի կր թուի, թէ հազար տարիէ ի կեր կիպրոս կապրի սքանչելի կարապետ Փափաղեանր։ Երանի թէ հազար տարի եւս ապրէր։

ԼԵՒՈՆ ՍՈՓՈկԼԵԱՆր տէօրթ եոլցի է ու կ՜ապրի Փարիզ։ Արհեստով գրաշար է, այժմ ւփնոթայփիստ, հոգիով բանաստեղծ, կր գրէ արձակ։

Իր եղբայրը Ասատուր Սոփոկլեան, որպէս բանաստեղծ փոքր անուն մը ունեցաւ ֆրանսահայ գրականութեան մէջ։ Ինը այդ չունեցաւ։ Գիտէ՞ք ինչու։ Շատ համեստ ըԱալէն։

Տարիներ առաջ հանդիպեցայ իրեն Փարիգի արուարձանային իր տան մէջ։ Հին էջեր քրքրեցինք։

Ամէն Փարիգ երթալուս կր փնտռէի գինք։ Սկիզբը, գինք կարելի էր տեսնել էլէկեան Պարոյրի տպարանին մէջ Մուֆֆըթար փողոց։ Հոն, ամսագիր մր կր խմբագրէր «Լուսաղբիւր»ը, ղոր անհամաձայնութեան մը պատճառոկ թոգուց էլէկեանին։ Այս ամսագիրին ես ալ կաշխա­տակցէի, Հալէպէն։

Մեր բարեկամութիւնը այդտեղէն սկսաւ։

Աւելի ուշ, երբ Փարիզ երթայի, գինք կր տեսնէի «Յառաջ»ի տպա­րանին մէջ։ Թերթը ինք կը շարէր։ Ու քանի որ իր գործը հայ դիրին հետ էր, ուրեմն կը գրէր ալ երբեմն։

Գիտեն, որ կէպ գրած է։ Պիտի կրնա՜յ հրատարակել։ Տարածամելու կրայ է օրը, այդ պատճառոկ կը տարակուսիմ թէ կրնայ հրատարակել։

Վերջերս, ֆրանսահայ Գրողներու Միութեան Վարչութեան մէջ տեղ գտած է։ Ուրախացայ։ Ուշ հասկցուիլն ալ բան մըն է։

Այս խորապէս հայրենասէր տգան, իր շրջապատէն ուշ հասկցուեցաւ։ Ժանանակին պապերը դրախտի համար տոմսեր կը վաճառէին։ Վայ այդ տոմսէն չունեցողներուն։

Ոայց այդպիսիները պիտի հասկնան, որ հայրենասիրութիւնը ապՐանք չէ։