Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/199

Այս էջը սրբագրված է

Ոայց Գերենիկ Սրբազան, կիսէ Յարութիւն Լաչինեանր, մենք ձեր մօտ մեր անուններուն հնութիւնր հասկնալու չենք եկած։

Լաւ, լաւ, ուրիշ հարցում մը, կիսէ Սրբազանը, վերջին գիրքէս ունե9 ա^ծ էք, քանի՞ հատ կրնաք ծախել:

Ոայց Սրբազան, խօսքը ձեոք կ յաոնեմ, ես, մենք այստեզ բոզոքագիր մը ներկայացուցինք, պատասխան մը կնւզենք, զիրք ծախելու չենք եկած...

Ահա այսպիսի Սրբազաններ պատճաո եզան, որ աւելի արադ հաս­տատուի մենատիրութիւն մը Անթիլիասի Հայրապետութեան մէջ...

ԳՈԻԳՈՈ ՎԱՀԱՆը կր տեսնէի ամէն Փարիզ երթալուս: Երբեք առանձինն շէր րլյար: Միշտ Արտաշէս Գմբէթեանին հետ էր: Թէեւ ինք կու գար Պոլիսէն, իսկ Գմբէթեանր Ալեքպոլէն:

Երկարահասակ, արդէն ակռապլիկ եւ սեւը փնտռուող մազերով մարզ մրն էր, երր 1964ին ճանչցայ զինք։

Իր կեանքը թատրոնն էր ու կեանքն ալ թատերական: Տասնամեակներովշէն պահած էր փարիզահայ բեմբ, յաճախ Գմբէթեանին ընկերա­նալոփ

Հիմա տարիները անցեր էին։ Խումբ կազմելը դարձեր էր գրեթէ անհնար։ Հայերէն խօսիլ գիտցողներու թիւր պակսած էր, ալ ուր մնաց կարդացողներուն, որոնք բեմ եԱելով դեր ստաձնեն...

Հիմա, արդէն, բեմ ելլելու տեղ թատերական փոքր երկեր կը գրէր ու տպագրել կող տար մերթթերթերուն մէջ, մերթ առանձինն գրքոյկով։

Ի՜՞նչ ընէր։

եեանքերնիս անցաւ։ Սա մայթերուն վրայ անցաւ, կիսէր Գրիգոր Վահան։

Նոյնը կը կրկնէր Արտաշէս Գմբէթեանր։

Երկուքն ալ գրաշար էին, դերասան ու ազնուագոյն հայեր... երկուքն ալ մարեցան հոն, Փարիզի մայթերուն վրայ...

ԱՈՍԷՆ ԷՒՏՈԻՈր ո^վ չի ճանչնար։ Ով որ ապրած է Լիբանանի մէջ, ով որ հայ մամուլին հետեւած է, կր ճանչնայ «Արարատ» օրաթերթի այս երկարամեայ խմբագիրը։ Հայաստանի Հանրապետութեան այս հնչակեան անդամր, Պազտատի հայոց հիւպատոսը։