Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/205

Այս էջը սրբագրված է

Խենթ՜ մը, պիտի ըսեն ոմանք։ Նուիրեալ մը պիտի ըսեմ ես։ Գա­ղափարի նուիրեալ մը, որ այս կեանքին մէջ կրնայ դառնալ զոհը իր նուիրումին։

Ուրիշներ կր խնդան, ինք կը շարունակէ քալել այն ուղիէն, որուն կը հաւատայ։

Ոեմի համար ծնած է։ Եթէ բեմին շուրջ տասը հաղար հոգի ալ նստած ըըան, իր ձայնը լսելի կր դարձնէ րոլորին, իր մտածումները կր լեցնէ մարդոց հոգիներուն մէջ, կքոգեզինէ։ Այդպէս է Գասպար Տէր՜տէրեանր։

Մէկ գիշերուան մէջ կրնար Հինգ ժողովի մասնակցիլ ու յետոյ գալ գտնել զիս, որպէսզի միասին տուն երթանք։ Ժամանակ մը մենք նոյն թաղի բնակիչներ եղանք։

Աու գայինք մեր տունը, անօթի, Արմին էն կ*արթնցնէի, որ բան մը ուտենք կէս գիշերէն ետք։ եթէ ուտելիք չըլլար, երեքով այդ ուշ ժամուն կիջնէինք բանուորական ճաշարան մը ու երկու ժամ ալ փիլիսոփայելէ ետք առաւօտեան ժամերուն կը բաժնուէինք իրարմէ։

Տեսիլք ունէինք։

Օր մը, նստա ծ մեր տունին մէջ, կը խօսինք։ Գասպար, կիսեմ, ինծի այնպէս կր թուի, որ եթէ մեր կեանքը այսպէս շարունակուի, այսինքն եթէ շաբթուան եօթը օրերուն ընթացքին քսան ժողով վարենք, մեր կեանքին մէջ լուրջ գործ ընել չենք կրնար։ Աշխատանքի բաժանումը կարեւոր է։

Այո, կիսէր, ճիշդ ես։ Տարիները այդպէս անցան։

Գասպար Տէր տէրեանր եղաւ հրապարակագիր ու հրապարակախօս։ Եղաւ խմբագիր։ Գերսամ Ահարոնեանր մեծ յոյսեր դրած էր իր վրայ։ Գասպարր դուրս մնաց Գերսամի կուսակցութենէն։ Դուրս մնաց նաեւ այն մեծ կուասկցութենէն, որուն նուիրած էր իր կեանքը։

Ոմանք դուրս դրին զիեք։ Ինք միշտ ներսր մնաց ու կը մնայ։ Ո՞վ կրնայ մէկը վտարել իր տունէն։

Հիմա, մենք զիրար քիչ կր տեսնենք, րայց ես հեռակայ կարգով միշտ կր խօսիմ այս նուիրեալ, անկոտրում կամքի տէր տղուն հետ։