Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/208

Այս էջը սրբագրված է

Ու ահա, բարձրախօսէն կը հնչէ Գէորգին ձայնր – Այսօր, մեզի հետ է մեր թագաւորը Ալեր Մանուկեանը:

Մնացեալը չկըըայ լսԵլ։ Մագերս փուշ-փուշ եղան, չեմ սիրեր նման պոռոտ արտայայտութիւններ։

Մեծ հայուն իսկ ներկայութեան, ինչպէ՞ս կարեփ է վիրաւորել հայն ու մարգը բարերարին մէջ...

Այլապէս լաւ տղայ մըն է Գէորգ։

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼծԱՆը հապա՞։ Սուսիկ փ ուսիկ աշխատող մը։ Իր նուիրումին մասին ան գամ լս֊սղ մը։ Երիտասարդ մը, որ միշտ պատ­ րաստ է օգտակար ըըալու րոլոր անոնց, որոնր կնւզեն մեր մշակոյթին ծառայել։

Ամէն Պէյրութ երթալուս կը տեսնեմ զինք ու միշտ ալ իր գա­ղափարները կը գտնեմ փուռէն նոր դուրս եկած հացի ցուցմունքով։

  • էիրք մը գրեց մեր պարբերական մամուլին մասին։ Իր գիտելիքները,

տուեալները ճշգրտելու համար գնաց Երեւան: Տեսայ զինք հոն, Հախվերտեաններու րնակարանին մէջ։ Խօսքը միշտ իր գործին մասին էր։ Վերջերս յօդուած մը գրած էի Վարդգէս Պետրոսեանի Հալէպ այցե­լութեան առիթով Հայաստանի Գրողներու Միութեան Վարչութեան Առա­ջին քարտուղարին 3. Օշականի դամբանին այցելութեան եւ հոն զետեղած ծաղկեպսակին մասին։

Առաւօտ կանուխ եկած էր Արմէն Գարեանին տունը երկու ձեռքով շալկած նախաճաշի պարագաներ։

Ի^նչ է այս, ըսի։ Յօդուածիդ առիթով նախաճաշ, պատասխաներ։

Իր գիրքին առիթով բազմամարդ ընթրիք մը պատրաստելն ալ իմ պարտքս է։

Հսգի տղայ է Ժիրայր Գանիէլեան ել այսօր Սփիւռքի լաւագոյն մատենագէտներէն մէկը, լուրջբանասէր ու խմբագիր մը ու միաժամանակ Հ.Ո.Ը.Միութեան Յովակիմեան, Դարուհի Յակորեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն։ Տնօրէնի պաշտօնը պէտք չէ արգելակէ բանա - սիրական իր աշխատանքները։