Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/212

Այս էջը սրբագրված է

մէկն էր մեր ցեղասպանութեան։ Իր նկարած ջարդի տեսարանները անհերքելի փաստաթուղթեր էին:

ինք կր խօսէր, կր պատմէր, ու իմ ալքերս... կր մշուշուէին։ էս արադ շարժումով մր Վեկնէրին ձեռքր համբուրեցի։ Այս անգամյուզուողր ինքն Էր։

էս ի^նչ ըրած եմ, ըսաւ, ձեւռք համբուրելու արժանի։ Պաշտօնով հոն էի եւ մարդու պարտականութիւնս կատարեցի։

Դուք, րսի, Պարոն Վեկնէր, թուրքին ու աշխարհին սուտերուն դէմ, խարդաւանքին դէմ ուրացումներուն դէմ, ճշմարտութեան ձայնն էք, տխուր ճշմարտութեան մը, բաղմիցս պարսաւելի ճշմարտութեան մը, հայկական ցեղասպանութեան աղաղակող մէկ վկան։

Զէի ուզեր բաժնուիլ Վեկնէրէն, կարծէք թուրքին կողմէ սպաննուած մեծ հայրս էր, որ եկեր կր խօսէր ինծի հետ։ Բայց բաժնուիլ պէտք էր։

Արմին Վեկնէր, բարձրացաւ Ծիծեռնակաբերդ, մինչեւ գետին խոնարհեցաւ Մեծ էղեռնի յուշարձանին առջեւ ու ոտքի կենալով, բազ­կատարած յայտարարեց. -

- Փա՜ոք քեզ, Տէր, ես տեսայ մեռած ժողովուրդի մր յարութիւնը։

«Տունէն Փողոց, Փողոցէն Տուն»։ Այս վերնագիրով յօդուածաշարք մը ստորագրեց ԺԱ ԷՈԲ ԲԷՕՍԷԷԱ Նը։ Այս տղան, ըմբոստ էր մանկութենէն։ Հալէպի Բարեգործականի դպրոցի տնօրէն1 Ակիշեանր, շէր կրցած ճար մը գտնել Յակոբր «ճամբու բերելու»...

Բայց նոյն այս տղան, եկաւ Հայաստան, հետեւեցաւ գրականութեան, աւարտեց ռուս գրականութեան բաժինը ու վերադարձաւ Սփիւռք։

Սկիզբը " ^աէէս(* յ^տոյ Պէյրութ։ Ի^նչ կրնար ընել։ Հայրը մեռաւ Հալէպի ն էջ։ Մայրը Աիրանոյշր, աղնիւ կին մըն էր, ամբողջ կեանքը նուիրած էր իր երեք զաւակներուն։ էրեք զաւակներն ալ Հայաստան ասանած էին. մեծը՝ ադջիկըէ ԷնժԷնԷօր եղած Էր: Իսկ տղաքր հետեւած էին «ոչ գործնական» ուսումի՝ գրականութեան։

Թէ Մանուէլը, թէ Յակոբր գրական ճաշակ ունէին։

Մենք շատ առիթներովիրար տեսածենք, մեր տունին մէջ, իր տունին ժէջ, ԸԱայ Պէյրութ, րԱայ Հալէպ կամ էրեւան։

Յակոբր, կարճ Ժամանակի մը մէջ շատ գրեց։ Մնաց անգործ։ Սփիւռ­ քի ժէջ ուսուցլական ասպարէզ ունենալու համար որոշ պայմաններ լրացնել պէտք է, թէեւ կ աւաղենք, որ ուսուցիչ լունինք։

Ու օր մըն ալ կորսուեցաւ Յակոբր։ Գրականութեան նուիրուած այս խանդավառ տղան։