Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/213

Այս էջը սրբագրված է

1984ի Հոկտեմբերին Մոնթրէւսլ եմ։ Գարած եմ մասնակցելու Հայ Բժիշկներու Համաշխարհային Եր բորդ Համագումարին։ եր տեսնեմ Մանլէլ Բէօսէեանը։ Անակնկալ էր։ Այս Բէօսէեանն ալ թափառական էր, օր մը կիպրոս, օր մը Երուսաղէմ, օր մը Գահիրէ, օր մը Խարթում եւ ամէն տեղ ուսուցիչ։ Հիմա ալ Գանատա եկած է ու կը պաշտօնավարէ Բարեգործականի դպրոցին ել գանատական համալսարանին մէջ։

եինը, կոստան Զսւրեանին թոռն է։ Ունին անուշիկ երկու զաւակներ։

Իրենց տունն եմ։ եր խօսինք Յակոբին մասին։ Ես Յակորը վեր ջին անգամ տեսնողներէն մէկը եղած եմ։ Մանրամասն կը պատմեմ այդ տեսակցութիւնը, թէ ինչպէս Հալէպ, մեր տունը եկաւ Յակորը, գիլերեց մեր տան մէջ, ինչեր խօսեցանք մինչեւ ուշ գիլեր...

եր հասկնամ, ըսաւ Մանուէր կը հասկնամ... Վերջին անգամ, եղբայրս ըսաւ ինծի, թէ Աբովեանի դերը պիտի խաղայ։ Ո^ւր պիտի խաղաս, ո՜*ր բեմին վրայ Աբովեանին դերը հարցումիս, պատասխաներ.- կեանքի մէջ...

Հալէպէն, մեր տունէն Պէյրութ մեկնեցաւ Յակոբ ու երեք օր ետք, Աիմոն Սիմոնեանը, հեռախօսով կապուելովինծի, հարց կու տար.– Յակորը տեսա^ծ ես վերջերս։ ԱյոՀ, մէկ քանի օր առաջ մեր տունն էր... ի^նչ կայ, պրն* Սիմոնեան։ –Ինչ պիտի ըԱայ, խեղճը գնդակահարած են այստեղ մեր մօտ...

Ման ուէլ, կիսեմ, քու գործդ, առաւել եղբօրդ կիսատ թողածգործը դուն պիտի շարունակէս...

ԳԱԲԼՕ ԼԵԻԻին հետ տեսակցել ու համար ժամադրութիւն մը ապա­ հովեց ինծի Տիկ. Նուարդ Զարեանը, այսինքն կոստան Զաըեանին ադջի^Ը.

Գացած էի Հռոմ, յաւիտենական քաղաքը։

Օթէ, չերթաք, ըսաւ Տիկ. Զարեան, խօսքը ինծի եւ կնոջս ուղղելով, մենք նոր բնակարան փոխադրուած ենք, բսւյց հինը ժ.եռքէ չենք հանած, քաղաքին ալ կեդրոնն է, բոլոր յարմարութիւններր ունիք, քանի շաբաթ որ Հռոմ մնաք, այդ տունը ձերն է, ահա բանալիները...

Արմինէ, ըսի, աղջիկս, մենք ուր որ երթանք տուն մը ունինք։

Գարլօ էեւին իտալացի վիպագիր է։ Զիս կինդունի իտալահունչ ֆրանսերէնով մր իր աշխատանոցին, ներողութիւն արուեստանոցին մէջ։

Գաշտի մը ընդարձակութեամբ արուեստանոց։ Ու ամէն կողմ նկարներ։

Զարմացած չորս կողմս կը նայիմ։ անակնկա^լ էր, կիսէ Գարլոն։ Շատեը, ինծի կիսեն վիպասան ես։ Ես կիսեմ, առաջ նկարիչ եմ: Նայէ,