Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/214

Այս էջը սրբագրված է

այս բոլոր պործերը իմս են։ Աւելի շատ կը նկարեմ, քան կը գրեմ։ Գրած եմ մէկ քանի գիրք. ունիմ հարիւրաւոր նկարներ, ուրեմն աւելի նկարիչ եմ։

Խօսող խնդացող մարդ էր այս իտալացի գրողը։ Երկու տարի առաջ եկածէր Հայաստան։ Շատ սիրածէր մեր լաւաշ հացը, մէյ մըն ալ լաւաշի պէս բուրալի Հրաչեայ Յովհաննէսեան բանաստեղծին խօսքերը։

Երկու ժամ ղրոյց ունեցայ իտալացի գրողին հետ:

Պատմեց, թէ Ալպերթօ Մորովիան իր բարեկամն է։ Պատմեց, թէ մէկ քանի ամիս առա^ հիւր ունեցած է Եւտուշէնքօ ռուս բանաստեղծն ու Ւ*Ժա ԷՀրէնպուրկր ու որպէս փաստ, ցոյց կու տայ ինծի նկար մը, ուր կքերեւին թէ էհրէնպուրկը, թէ Մորավիան, թէ Եւտուշէնքոն։

Եւտուշէնքոն, կը պատմէ Գարլոն, տարօրինակ տղայ էր։ Նստած էինք մայթեգրի սրճարան մը, չորսով կը խմէինյ>։ Ռուս բանաստեղծը քիչ անգին, տեսաւ սիրուն իտալուհի մը, սիրուն իտալուՀիներ ամէն կողմ կան: Եւտուշէնքոն բռնկեցաւ, քիչ մը իտալերէն գիտէր, գնաց, ապիկին հետ խօսեցաւ։ Յետոյ երկտող մը գրեց ու ժամադրութիւն տուաւ, աղջիկը, այդ օրը զբաղած է եղեր։

Եկանք յաջորդ օր, նոյն սրճարանը, Եւտուշէնքոն նոյն ծառին տակ կանգնած, կր սպասէր աղջկան։ Ժամ մը կեցաւ հոն։ Աղջիկը չեկաւ։ Զարմանալի բան, բանաստեղծը լացաւ։ եր պատմէր ու լիահագագ կը խնդար Գարլոն։

Իսկ ես կը մտ ածէի - Մեր Արարատը շալկած այս կողմ բերող մարգը, իտալացի աղջիկ մր չէ կրցա^ծ համոզել...

Մեծ բաւականութեամբ բաժնուեցայ Գարլօ էեւիէն։ Հիմա, Հռոմի փողոցներուն մէջ են, մարդիկ կր կանգնեցնեմ, քաղաքավարութեամբ կը հարցնեմ ֆրանսերէն կամ անգլերէն գիտէիք... այսպէս կանգնեցուցի քանի մը տասնեակ մարգ, ամէն մէկուն հարցնելով կր ճանչնա^ք Գարլօ Լեւին։ Նկարի^չ է թէ բանաստեղծ։

Զոլորն ալ կը ճանչնային Գարլոն։ Գարլոն նկարի^չ, ոՀչ, վիպասան է կիսէին։

Ուրեմն Գարլոն վիպագիր էր...