Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/216

Այս էջը սրբագրված է

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆը, ՅովՀաննէսին որդին է։ Մօրը կողմէ մուսալեռցի։ Իր մանկութիւնը գիտեմ։

Երբ Հայաստան եկաւ ուսանելու, իրեն ըսի, գործնական գիտութեան մը Հետեւէ։ Այո, պատասխաներ, պիտի հետեւիմ Հայագիտութեան... այդպէս որոշած էր։ Այդպէս ալ ըրաւ:

Պէյրութ վերադարձին եղաւ դասախօս ու խմբագիր:

Յաճախ կը Հանդիպիմ իրեն։ Հօրը գաւակն է։ Այս տեսակ պարա­գաներու Համար գրուած ասոյթ է.– Պտուղը ծառէն Հեոու չ իյնար։

Ահա անուն մը եւս «Գրական Շրջանակ»էն։ Ֆրանսական լիսէի մը շրջապատը ունեցաւ: Հոն ուսուցիչ էր։ Խորապէս Հայ։ Նկար մը ինչ շրջանակի մէջ ալ դրուի, դարձեալ նկարն է կարեւորը, այլ ոչ շրջանակր։ Տեսէք, չ քրսի այլ երբեք շբջանակը։

Տրամաբանող տղայ մըն էր, նաեւ ընթերցասէր։ Ժամանակի րնթացքին, իր մէջ խմորուեցաւ Հրապարակագիրը։ Գրեց ջղուտ, աոինքնող յօդուածներ, փնտռուող տեսակէն։ եր ստորագրէր ՎԱՀԱՆ ԳՈԶՈՒՆԵԱՆ։

Վերջին տարիներուն Հալէպէն ու Պէյրութէն ետք, իրեն Հանդիպեցայ Փարիզի ու Մոնթրէալի մէջ։ Միտք ունէր էիզպոն Հաստատուելու։ Աքանչելի ֆրանսերէն գիտէր։ Փորձեց Գան ատ ան։ Եղաւ խմբագիր։ Գացի իր մօտ։ Մէկ քանի յօդուած գրեցի իր խմբագրած թերթին Համար, մէկ քանի բաժանորդ գտայ մէկ օրուան մէջ։ Հոս մնացիր, Թորոս, ըսաւ ու խնդաց։

Վերջերս լսեցի, որ ինքն իսկ չէ մնացած Հոն, վերադարձ մը կատարած է Փարիղ, ուր Հ.Ր.Ը.Միութեան ուսանողական տունին տնօրէնն է այժմ։

Իր տեղը մամուլն էր։ Ինչո^լ ճիշդ մարդիկր ճիշդ պաշտօնին վրայ չենք պաՀեր...

Գոշունեանը պէտք է վերադառնայ Հայ մամուլին։ Փարիզի ուսանո­ղական պաշտօնը կրծող յատկութիւն ունի։ Սփիւռքի մէջ, այդքան շա^տ է Հայ մամուլի մարդոց թիւր, որ նուազեցնենք։