Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/230

Այս էջը սրբագրված է

ղեցիին մէջ, Զօպանեան բեմէն յայտարարեց.- Պատուելիները զարգացած կիԱան, մեր հայ քահանաները տգէտ կիյչան...

Այս որ ըսաւ մեծգրագէտը, սրահին առաջին նստարանները գրաւող տասնէ աւելի հայ քահանաներ ոտքի ելան եւ ուղղուեցան դուրս: Սրահը ալեկոծումի ենթարկուեցաւ: Եկեղեցին պիտի ըսէի։

Լուսանկարիչ էի այդ օրերուն: Վարպետս Աւետիս Շահինեան, ճանչցուած էր որպէս վարպետ դիմանկարիչ - փօրթրէթիստԶօպանեանը աոաջնորդեց մեր լուսանկարչատունը։

Աւետիս Շահինեան կը փորձէ նկարել։ Զօպանեան անդադար կր շարժի։ Վարպետ, կիսէ վարպետս, հաճիք մի շարժիք, միայն մէկ վայրկեան։ Ոայց անօգուտ: Վարպետս յուսահատեցաւ։

Ւ վերջոյ Զօպանեան ստիպուեցաւ յայտարարել, տղաս, չե*ս հասկընսր, ծեր եմ, նեղուած եմ...

Վարպետս, թէ Թորոս, շուտ, վարպետը հասցուր պէտք եղած տեղը։

Վերջապէս վարպետս, լաւ նկար մր յաջողցուց: Չօպանեանր ունեցաւ սքանչելի դիմանկար մը։ Հսկայի մր դիմանկարը, վայել իր աշխատանքին, իր իրագորձա մներուն։

Արշակ Զօպանեան լղար ու կարճահասակ մէկն էր։

Այդ փսքր մարգը ինչ հսկայ գործեր տեսաւ։ Ազդր գիտէ։ Հայրենիքն ալ գիտէ ու այլեւս իրեն պուրժուա չ իսեր։

Զօպանեան ե^րբ պուրժուա եղեր է որ։

Ան, հայ լեզուին գետն է, որ կը շարունակէ հոսիլ։

ԱՈՄԷՆ ՏՕՆՈՏԵԱՆին ծանօթացայ Սիմոն Աիմոնեանի «Աեւան» հրատարակչատան մէջ, որ խաչաձեւման քառուղի մըն էր հայ մտաւորականութեւան համար, անոնք ըԱային լիրանանահայ թէ աշխարհի մնացեայ ծագերէն եկած։

Ուսուցիչ էր։ Ար գրէր։ Հայ ուսուցիչը քիչ անգամ կրցածէ դիմադրել գրելու փորձութեան կամ փորձանքին...

Տօնոյեան, հոգեբանութեամբ ալ կր զբաղէր։ Զկրցաւ հասկնալ Լիբանանի պատերազմական հոգեբանութիւնը եւ շունչը առաւ Լոս Անճելըս։

Այստեղ, լաւ ամսագիր մր կը խմբագրէ։ Օգտակար գործ է ըրածը, Բաա պիտԻ Կ արեւնա^յ օգնել ամերիկահայութեան, որ մնան հայ, պիտի կարենա^յ հասկնալ լայնածաւալ ամերիկահայութեան հոգեբանութիւնը, երբ չկրցաւ հասկնալ փոքր Լիբանանր:

Մեղի կր մնայ մաղթել գրողին ու խմբագիրին ուժ, կորով, յարատեւութիւն Նիակարայի ջրվէժն ի վեր կամ ջրվէժն ի վտր իր