Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/232

Այս էջը սրբագրված է

Բոյրն ալ գրելու ճաշակ ա նի, Նուպար Զարխուտեանին կինը Արաքսին:

Բայց Գուտցին աւելի գրեց, աւելի լալն ընդունելութիւն գտաւ:

ԶՈՀՐԱՊ ԲԻՐԷՋԵԱՆը ճանչցայ իր պատմուածքներով: Կը տպուէր «Նայիրի»ի մէջ, բաւական մըն ալ յաջորդականութեամբ: Գիրք մըն ալ հրատարակեց Ծառուկեանի պնդումներուն վրայ։

Մարգ երբ գրելու սկսի, մէկը պատճառ կ*ԸԱայ, որ գրածները գիրքի մը մէջ ամփոփուին: Երբեմն այդ մէկը չի գտնուիր: Ինչպէս չգտնուեցաւ ֆրանսահայ բանաստեղծ՝ Գրիգոր ճիգմէճեանի պարագային:

Վերջերս Զոհրապը տեսայ Արմէն Դարեանի բնակարանին մէջ։ Մեր առաջին հանդիպումն էր: Բարեւ հին ծանօթ, ըսի, ո՜վ հ*ԸԱաՔ՛ Ասալ* տնաշէն, Թորոս Թորանեանն է, ըսաւ Արմէնը:

Ցաւեցայ, որ նոր պատմուածդ չի գրեր: Ո^ւր հրատարակեմ, ըսաւ «Նայիլւի»ն դադրեցաւ... Թող այս հարցումը անդրանիկ Ծառուկեանր լսէ։

ՓԱՆՈՍ ՃԵՈԱՆԵԱՆր լաւ տղայ մըն էր։ Եկաւ Հայաստան, ուսանելու։ Սկսաւ հետեւիլ հայագիտութեան: Տարի մը ետք ալ չտեսայ գինք: Շնորհ ալի տդայ էր։ Երեւանէն ետք զինք տեսայ «Բագին» ամսագիրի էջերուն վրայ:

Լաւ բանաստեղծութիւններ ունի: Հիմա ի^նչ կ*ընէ: Ա*ուզեմ գիտնալ:

ՇԱՀՊԱՆր Հալէպ կապրէր: Բիլիսցի էր։ Եր հայրենակիցները հրա­տարակեցին իրմէքերթուածներու երկու գիրք։

Յանկարծ Պէյրութ մեկնեցաւ: Գժուար էր կենսաչահոյթը: Անցաւ Ամերիկա: Բարելաւուեցա՜՞ւ իր քերթողական վիճակը: Փաստեր չունիմ: Առաջին գիրքերը, Հալէպ եղած միջոցին նուիրած է ինծի. հոն խոստումներ կային, ստորագրուած մուրհակ մը կար, վճարե^ց այդ մուրհակը, չեմ գիտեր: Ւցիւ թէ կարենայ: