Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/233

Այս էջը սրբագրված է

ՍԱՐԴԻՍ ԱՐՄԷՆը մեր գիտց ած Փոշօղլեանն է։ եր յաճախէր Յո՜ վա կիմեանՄան ու կետն երկրորդական վարժարան: Յանկարծ, տնօրէն Արա Թօփճեան, շէր հաւնած այս տղուն մտածեւլու եղանակը եւ հոփ, ան դուրս մնաց դպրոցէն։ Եւ ըսեր թէ իսկապէս պարոն Թօփճեան լաւ կր հասկնայ հոգեբանութենէ:

Սարդիս Արմէն, գլռւխը զարկաւ պատէ-պատ ուսումը շարունակելու համար։ Հայաստանցին պիտի ըսէր չստացուեց։

Մտաւ կեանքի ասպարէզ, բտյց ամէն օր կարդաց: Աատաղօրէն կարդաց, վրէժ լուծելու պէս կարդաց: Շատ սիրեց Զարենցն ու Տէրեանր: Սկսաւ բանաստեղծութիւններ գրել, երկու գիրք ա հրատարակեղ: Հաւնողներ եղան իր գրածները: Հայր դարձաւ: Վրայ հասաւ լիբանանեան պատերազմը: Աեանքր դարձաւ անհամ։

Երբեմն, Պէյրութ իջնելուս, կր տեսնեմ զինք։ Ի՞նչ գրեմ, կրսէ, որո՞ւ համար գրեմ, ամէն օր մահ կայ, ամէն օր հրդեհ, ամէն օր փլուզում...

Չարենցր, որ յեղափոխութեան զինուոր էր, մահ չկա՞ր իր չորս կողմը, արիւն ու աւեր չկա՞ր, կր չարունակեմ հարց տալ։

Լաւ ըսիր, կ քըԱայ իր պատասխանը, ալքերուն մէջ ժպիտ, լաւ ըսիր, անիկա Զարենց է, զիս անո՞ր հետ կր բաղդատես...

Անոյշ սիրտ ունի Սարդիս Արմէն, չեմ ուզեր որ խորտակուի...

ԽՈՍՈՈՎ ԱՍՈՅԵԱՆր «Սփիւրւք» շաբաթաթերթի գարունականներէն է։ Մեծ մայրս կքըսէր խոտը քաշէ, արմատին նայէ։ Այսօր արմատ փնտոողր ո՞վ ։Ո"վկը սէ, թէ Սիմոն Սիմոնեան, քանի քանի տղոց ճամրան հարթեց, քանիներու առաջին գիրքերր հրատարակեց։

Գիշերի պէս սեւ մազ ու աչքերով այս տղուն Սիմոնեանի տպարանին մէջ ծանօթացայ։ Իր առաջին գիրքը մակագրեց ինծի։

Յետոյ լսեցի, որ շատերու նման այս տղան ալ անցած է Ամերիկա։ Աստուած իմ, այս ինչ համայնակուլ երկիր է Ամերիկան։

Ո՞ւր կր մնաս Խոսրով, կր գրե՞ս։ Զայն մը տուր ինծի...