Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/238

Այս էջը սրբագրված է

ՆԵՐՍԷՍ ԹԱՄԱՄԵԱՆը գրական անունով Ն. Կատար, շատ երեւցած է էրուսաղէմի «Սիոն«ին մէջ, շատ երեւցած է Պաղեստինի իր բազմահարիւր աշակերտներուն, յետոյ երեւցած է Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթարանի իր աշակերտներուն, բայց... անծանօթ մըն է առ հասարակ Սփիւռքի մէջ։

Բաղմահարիւր աշակերտներ, հարուստ ու աղքատ, ո^ւր էք: Զէ^ք կրնար ձեղի համար սիրտ ու հոգի մաշեցուցած ձեր ուսուցիչին մէկ գիրքր հրատարակել։

Ն* Կատարր մեռաւ։ Զեմ կարծեր, որ դուք մեռածըրաք բոլորդ։ Ուրեմն, ցոյց տուէք ձեր կենդանութիւնը։

Ես Ներսէս Թա մամեանին հանդիպեցայ Կիպրոսի մէջ։ 1969թուա­ կանին էր։ Բարձրացայ Սակարայ վանքը հայոց, զոր ներկայիս թուրքը գրաւած է։

Ըսին ինծի, թէ պարոն Թամամեանր Մխիթարայ բլուրին վրայ է։ Ալպիստանի նման շունչս առի հոն: Երկնցած էր Թամամեանր եւ ով գիտէ, գուցէ մտովի րանաստեղծութիւն մը կը յօրինէր...

Բարեւ ձեզ, պարոն Թամամեան, ըսի։ Ն. Կատար, ընդոստ ուղղւեցաւ։ Ես Թորանեանն եմ, եկած եմ ծանօթանալու ձեզի։

Ուրախաթեամր։ Մամուլէն կը ճանչնամ ձեզ։

Կողք-կոզքի նստեցանք հոն, ուր երեք դար առաջ նստած էր Մեծն Մխիթարը եւ սկսանք զրուցել։ Եկաւ տեզ մր, երբ Ն. Կատար, սկսաւ խօսիլ Տակոբ Օշականի մասին։ Անմիջապէս, անզգուշօրէն թուղթ մատիտ հանեցի, որ նօթագրեմ։

Հարցը, որ գրելու եկաւ, չեմ պատմեր, ըսաւ Ն* Կատար։ Խնդրանք, աղաչանք անօգուտ էր, թուղթը, մատիտը վերցուցի։ Դարձեալ անօգուտ։ Պարտ ուած էի։

Անկէ ետք անշահ րաներ խօսեցանք։ Բաժնուեցանք։ Բայց Ներսէս Թամամեանէն գիրք մը հրատարակել անհրաժեշտ է։