զեցինք սրարշաւ: Հասանք։ Ինչ տեսնենք, ջուրր ոտնաչափ մը ողողեր Լ Արամին սենեակը ու անդադար կը բարձրանայ։ քրտնաթոր փրկեցինք ամէն ինչ ու կերի դրացիին մօտ հանեցինք։
Հետագային, շաբաթներ ու ամիսներ, Արամին տունը խոնաւութիւն կ Հարտաշնչէր:
Հիմա, ակ հեղեղներ չեն պատահիր։ Թուրքերը փոխեցին Բուէյք գետին ընթացքը: Տեսէք, ինչ բարիք: Ահլ ջրհեղեղ չկայ, բայց առանց գետաջուրի դուք ալ գիտէք, թէ Հալէպի նման քաղաք մը թնչ գարշահոտութիւն կրնայ ունենալ։
Արամը չեմ գիտեր ինչո^ւ փոխադրուեցաւ Պէյրութ։ Փոխադրուելէն առաջ, ընկերներով ուզեցինք լաւ երեկոյ մը անցընել։ Ուրիշ Արամ մըն ալ ունէինք, որ Վիլչիս ինքնաշարժի մը տէրն էր։ Եօթ հոգիով լեցուեցանք Վիլլիոին մէջ եւ ինքնաշարժին քիթր գիշերով ուղղեցինք Ազէզ բերդաւանը։ ճանապարհը եր գելով կը կարճէինք։ Մեզմէ մէկը սկսաւ ժամանակի երդերէն մէկը ձօնուած Սթալինի.– Արեւից մեծյոյս ես տալիս, ովկիանիդ մեծ լոյս ես տալիս...
ԼոեցէՀք, մէկ անգամ էն պոոթկաց Արամ, այդ յիմար երդը դադրեցուցէք։ Աշխարհի վրայ ոչ մէկ անհատ արեւէն մեծ լոյս չի կրնար տալ, թքեցէք անհատի պաշտամունքին վրայ։
Երգելը դադրեցուցինք։ Շշմած էինք։ Բոլորս ալ յառաջդիմական տղաք ու այս Արամր ահա, մեր շատ սիրած Արամը, կը թքնէ մեր սիրած հերոսին վրայ... ժամանակին մնացեալ մասը տխուր անցաւ։
Սթալինի անձին հանդէպ պաշտամունք կար այդ տարիներուն, ու յանկարծ, Արամը, այսպէս պոոթկաց...
Հետ ա գային պիտի հաստատէի, որ Աթա լինի պա շտ ա մո ւնք ի տարիներուն, Արամը միակ կոմունիստր եղաւ, որ հրապարակայնօրէն դատապարտած եղաւ անհատին պաշտամունքը։
Պէյրութի մէջ, Արամ Փեհլիւանեան կը յաճախէր «Գրական Շրջանակ»։ Բնաւ չէր խօսեր։ Միշտ ունկնդիրի դերին մէջ էր։ Մէկ անգամ ձայն խնդրեց խօսելու համար Շիրվանզատէ թատերագիրին մասին, որուն նկատմամբ բարձր կարծիք ունէր։
Ես բարձրաձայն ըսի*՜ Սֆինքսը խօսեցաւ վերջապէս։ Դժգոհ մնաց արտայայտութենէս։ Մօտեցաւ ինծի ու յարեց.- Պատշաճչէ, ուրիշ անգամ միՀ կրկներ, ես քեզ կը սիրեմ, կոճկուածտղայ չես, փողկապ չես գործածեր, րաց օձիքդ հովերուն, լաւ պրոլետար մըն ես. Բեզի չի վայելեր նման յայտարարութիւններ ընել։
Օր մըն ալ կորսուեցաւ Արամ։ Լուր չկար իր մ է։ Տարիները հեղեղի բնոյթ աոածխուժեցին անկանդ ժամանակի վիհին մէջ, մեր ջահելութիւնը իրենց հետ տանելով։