Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/240

Այս էջը սրբագրված է

իր մէկ եգիպտահայ բարեկամին հեւտ Լենինեան պողոտան ի վեր կր բարձրանայինք։ Կանգ առնելով Յովհաննէս Շիրազի տունին առջեւ, ըսի, ահա Շիրաղին րնակարանը։ Թիւ երկու եգիպտահայը, որ Շիրաղին բարեկամն էր, ըսաւ.– Շիրազը հանճարեղ բանաստեղծ է։ Ոչ, ըսի, մեծատաղանդ բանաստեղծ է։ Պնդեր, որ հանճարեղ է։

Եթէ Շիրաղին հանճարեղ ըսենք, ի՞նչ անուն պիտի տանք Նարեկացիին: Մարգը պնդեր իր ըսածը ու չարունակեր.- Շատ կնւգեմ տեսնել Շիրազը ու չմեկնած կ Կւզեմ իրեն նուիրել բիժամայ մը։

Կատղեցայ։ Փողոցին մէջ՝, այդ եգիպտահայուն օձիքէն բռնեցի ու գոչեցի.– Ուրեմն, քու սիրած, պաչտած հանճարեղ բանաստեղծիդ քու կեղտոտ բիժաման պիտի նուիրես, հաՀ գլուխղ անցուր այդ բիժամադ, հայոց բանաստեղծը պէտք չունի քու անպէտք լաթի կտորիդ... Ջայնիս վրայ, մարդիկ հաւաքուեցան։ Ստեւի ան Շահպազը անճրկած էր, Թորոս, մի պոռար, ամօթ է կըսէր, իսկ ես, թէ, ամօթր բարեկամիդ համար է եւ ոչ թէ ինծի։

Դժուարաւ հանդարտեցայ։ Բաժնուեցայ իրենցմէ։ Յաջորդ օրը Շահպազ գտաւ զիս, կուշտ ու կուռ խնդաց, ու... լաւ ըրիր ըսաւ։ Այդ դասը պէտք էր բարեկամիս։

ԲԵՆԵԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆը Բ. Աշտիշատ ալ կր ստորագրէ։ Ուրիշ ծած­կանուններ ալ ա նի։ Ւնչ ալ ստորագրէ համեստ մարդ է եւ անպայման ունի գրական ճաշակ։

Վարդեր կան, որ իրենց թերթերր լայնօրէն կր բանան արեւին ու կր տարածեն իրենց բուրմունքր։ Վարդեր ալ կան, որ հազիւ քայլ մը կառնեն կոկոնէն մինչեւ վարդ ու այդպէս ալ կր մնան։ Ւնչու։ Այդ ինչուն պատասխան չունի։

Բենիկ Պօդ ոսեանր վարդ է, գիտենք, րայց չի բացուիր, որ բուրէ: եկէք լուծեցէք այս խնդիրք։ Ռուն լուծէ Բենիկ։ Միայն դուն կրնաս լուծել այս հարցը, եղբայր։

Պէյրութի մէջ խանութ մը ունի Բենիկ։ Ասեղ կր ծախէ, մատնոց ու դերձան կր ծախէ, գուցէ պրմտիք ալ, խմիչքներ ալ, ինչ գիտնամ։ Ժողովուրդի բոլսր խաւերէն մարդիկ կու գան իր մօտ։ Իրեն հետ խօսողը ժողովուրդն է։ ինքն ալ ժողովուրդին խօսափողը։ ինչ որ անոնցմէ կր լսէ, կր պատմէ մեղի։ Գէ՞շ կրնէ: Բաւ լիցի, նոյնիսկ լաւ կընէ։ Բայց երբեմն ինչ ընտրելյր կր շուարի, ահա գուցէ այս է պատճառր, որ վարդը կր մնայ կոկոն վիճակին մէջ։

Ես ալ քեղի լուծէ այս հարցը, կըսէի Բենիկ։ Ահա տուի բանալին։