Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/258

Այս էջը սրբագրված է

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԳՈՒՇԱԳՃԵԱՆը, ուր որ գնաց գրական խմբակ մը կազմեց։ Ծնած էր գրական խմբակներ կազմերու համար:

Մեւլգ ոնեանի մէջ գրական խմբակ մը կազմեց եւ հրատարակութեանը ձեռնարկեց «Հայ Սփիւռք» մեքենագիր պարբերականին:

Հալէպի մէջ գրական խմբակ մը կազմեց ել ունեցաւ տասնեակներով հետեւորդներ։Պէյրութի մէջ՝, միշտ հետամուտ եղաւ գրական խմբակ մը կազմելու, մինչեւ որ դարձաւ նախագահը Պէյրութի «Գրական Շրջա­նակ»ին, որ այսօր ունի պաշտօնական ակումբ:

Գրեց յօդուածներ, բանաստեղծութիւններ, ուսումնասիրութիւններ։ Հրատարակեց «կեանքի կարօտ» բանաստեղծութեան գրքոյկը, հրատա­րակեց ան գլեր էն –հայեր էն բառարան մը, թարգմանութիւններ, առողջա­պահական գրքոյկ մը, եղաւ խմբագրական կազմին մէջ մէկէ աւելի թերթերու օրաթերթ, շաբաթաթերթ, ամսագիր:

Ի վերջոյ իր դո կտոր ականը ստացաւ Հայաստանէն, որպէս պատ­մաբան:

Ջինք ճան շցայ 1944ին, երբ ուսուցիչ էր։ Եղածէ նաեւ սանտրագործ։ Սա, մուսալեոցիներու արհեստն էր։ Երբեք չէ եղած առեւտրական։ Մարգ չէ խաբած, բայց մարզիկ զինք միշտ խաբած են։ Խաբուած է տան մէջ, կուսակցութեան մէջ, դպրոցի մէջ, տպարանի մէջ, փողոցի մէջ, խմբագ­րատան մէջ, ամէնուրեք։

Ինք, խարուած մըն է։

Աւելի քան քառասուն տարուան բարեկամութիւն մը մեզ իրար կր կապէ։ ք^արեկանութիւն մր, որ խաբկանքի առարկայ չդարձաւ երբեք։

Մարտիրոսը դիր սիրեր, դա լամ սիրեր, դաւթար սիրեր։ Մարտիրոսի հենքէն մարդու քիչ կը հանդիպիք կամ երբեք չէք հանդիպիր։

Եթէ իրեն հարցնէք քանթ գիրք ունի, չի կրնար պատասխանել։ Այգ իր թերութիւնն է։ Ինչպէ^ս պատասխանէ, երբ իր գիրքերը հազարներով են։ Այսինքն, ոչ թէ անհատի մը, այլ հաստատութեան մը գրա­դարանին ունեցածին համազօր։

Ինչ ըսեմ, Մարտիրոս։ կրնան րոել գրածներդ ճշմարտանման չեն։

Րայց ճշմարի՜տ, անպայմանն։