Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/261

Այս էջը սրբագրված է

Այս ի^նչ է, Փափագ, կըսեմ, միայն եղե^ռն կը նկարես: Այո, կըսէ, բոլոր մարդիկ կը մոռնան, մինչեւ քակ կուրանան մեր եղեռնը, անոր համար ես ալ որոշած եմ միայն եղեռն նկարել...

Տեսակէտ մըն է։ Այն ալ վանեցիի տեսակէտ։ Զենը կրնար փոխել: Ու Փափագ կը շարունակէ եղեռնը տալ տասնեակ տասնեակ պաստառ­ներով:

Նկարիչներէն, Ութրիլոն շատ կը սիրէ։ Աշխատած է ժանսէմի հետ։

Փափագը Տէր Զօրի մեր նահատակներուն շարունակուող աղաղակն է, Փարիզի մէջ։

ԽԱՉԱՏՈՒԻ - ՌԻՇԱՈ - ԺեՈԱՆեԱՆին առաջին անգամ Երեւանի մէջ հան դիպեցայ։ Նկարելու ինքնուրոյն ոճ մը ունի։ Ուր որ երթայ, կը պոռայ, որ ինը հայ է։ Եղածէ ֆրանսական բանակի սպայ։ Գացած է Ալժիր։ Զինուոր թէ սիվիլ, միշտ մնացած է նկարիչ։ Խօսքով թէ վրձինով պաշտպանած է իր հայութիւնը։

Շատ ցուցահանդէսներ տուած է Երեւանի, Լենինականի, Դիլիջանի մէջ։ Նաեւ Մոսկուայի եւ Խորհրդային Միութեան այլ քաղաքներու։

Ներկայ եղայ իր Մոսկովեան ցուցահանդէսին։ Ոազմաթիւ հայեր ներկայ եղան։ Հոն էր մարեշալ Օագրամեանը։ Հոն էին Միկոյեանի լրագրող որդին Սերգէյը եւ բազմաթիւ անձնաւորութիւններ։

Ամէն Փարիղ երթալուս կը հանդիպիմիրեն։ Ծառայասէր մարդ է։ Իր մէկ եղբայրը կքապրի Պէյրութ, դերձակ է։

Հայաստանէն եւ Սփի՛ւռքէն ով որ հեռաձայնէ իրեն, պատրաստ է ծառայելու անոր, ծանօթ ըըայ հ եռա ձայնողը թէ անծանօթ։

Երբ Զարեհ Մելքոնեանը ընտանեօք Պէյրութէն կը փոխադրուէր Տիթրոյթ, մէկ քանի օր Փարիղ մնալէ ետք, այդ օրերուն, առաջարկեցի, որ բանաստեղծին հետ պտոյտ մը ընենք: Պատրաստ էր։ էյֆէլ Ղսյ9Ւ^յԻք Վերսայլ գացինք։

Օր մր Ժերանեանին ըսի,– Ժերմենի Տր Օրէ կքըսեն, ո^ւր կքըԱայ Բալէ ք եղ տանիմ, ըսաւ, 8րդ դարէն հայկական եկեղեցի մր կայ հոն։ Բացինք ու տեսանք։ Զըսաւ օդը անձրեւոտ է, գործ ունիմ։

Պարզապէս գացինք ու տեսանք ճարտարապետական այդ հետաքըրքրական կառոյցը, որ Օր/էանէն, Ժան Տեարքի ծննդավայրէն հեռու Էր։

Մէկ թերութիւն անի Ժերանեան, չսիրած մարդուն դէմ կը խօսի անդադար։ Ու միշտ չէ, որ իրաւունքը իրն է։