Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/273

Այս էջը սրբագրված է

ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՍԵԱՆը Հոմսի մէջ ճանչցայ: կեցած էի մայթեզրին ծանօթի մր հետ: ժպտ եր ես, մօտեցաւ ինծի այս երիտասարդը եւ ըսաւ.֊ Դուք բժիշկ Թորանեանր չէք։ Զեր նկարը տեսած եմ «Նայիրի»ի մէջ: Ունիմ ձեր բոլոր յօդուածները, եթէ կքուզէք մեդի երթանք, ձեզի տամ ձեր յօդուածները:

Գացինք: Ես յօդուածներս շառի, բայց ունեցայ գրասէր նոր բարեկամ մը:

Ամէն Դամասկոս երթա/ուս կր հանդիպէի Հոմս ու կերթայի Յակոբենց տունը:

Հերթ ական հանդիպումներէս մէկուն ընթացքին, Յակոբը գտայ թադուած ընթերցանութեան մէջ: «խարամազով Եղբայրներ»ը կը կարդար: Անշուշտ ընդմիջեց ընթերցու մր եւ խանդավառութեամբ սկսաւ վեբլուծել ղիրրր:

Ոտքի ելայ, ես ալ նոյնքան մր խանղավառ, Յակոբ, ըսի, դուն գրող ես, պէտք է գրես: Տոսթոեւսկին այսպէս վերլուծողը գրող է, կը հասկնալս: եթէ ԳՐե լու չսկսիս, վերջ կը գտնէ մեր բարեկամութիւնը:

Այո, խօսքս պահանջք է, հրահանգ է նոյնիսկ:

Յակոբը խեղճացած սկսաւ խնդալ ու թոթովել, բայց բժիշկ, ես նամակներէ ղատ ոչինչ գրած եմ:

Լաւ ըրած ես, որ չես գրած, րոի, կեանքի փորձով հարստացած ես: Իսկ հիմա դրեյու ժամանակդ Է: Լաւ, լաւ, մի աոարկեր, եթէ մինչեւ յաջորդ հանդիպումս պատմուածը մր գրած չըլլաս, սանկ Հալէպի Նոր Գիւղ հայ­կական թաղամասի մեր անցեալէն, ալ չխօսիս հետս:

Ամիս մր ետք Հալէպ-Գամասկոս ճամբուս վրայ, իջայ Հոմս ու հնչե­ցուցի Յա կորին տան ղանգր: Զայն չկար: Գուռը չէր բացաեր: Պարտաւորուեցայ վերադառնար երբ բարու եղաւ դուռը եւ դրան շրջանակին մէջ նոյն մեծութեամբ ծաւ ալեցաւ Յակորին ժպիտը, որ վերածուեցաւ ԲեբէբաՓբ խօւյբի – Բժիշկ, գրեցի, գրեցի... Երբ դուռը ղարկիր, վերջին տողը կը գրէի եւ րսի մտովի՝ Աստու ած իմ, երանի եկողը Թորոսր ըԱայ:

Ներս մտանք իրար գրկած: կարդացի Յակոբին առաջին պատմուածքր, որ վեւրնաղրուած էր «՝Բուրսի»: Արրագրէ, ըսաւ: Սրբագրութեան պէտք չունի, ըսի։ Եր կոպտութեան մէջ հանքաքար է: Լաւ տեսակէն:

Անմիջապէս երկտող մր գրեցի Ծառուկեանին, ըսելովկը միջ­նորդեմ, որ տպեւս Յակոբին այս լաւ պատմուածքր։ Առաջին անգամ կր փորձէ գրեր Արդէն յաջողութիւն մըն է: Հաճիս, պատռէ միջնորդագիրր եւ տպէ պատմուածքր: