Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/279

Այս էջը սրբագրված է

Նոյն օրր Պէյրութ մեկնած էի յատկապէս տեսնելու մեր նուիրեալ վիպասանը եււ միասնաբար ուսումնասիրելու իր Սուրիա գալու հարցը, որպէսգի Խանղադեան հայ գրողը առաջնորդէի Տէր Զօր, որպէսդի իր Ժողովուրդին պատմութեամբը ու ներկայովը ապրող գրողը տեսնէր իր ժողովուրդի գողգոթ՜այի կեդրոնները...

Մրագիրիս մէջ ձախողեցայ: Ոայց ներկայ եղայ այդ հաւաքական հանդիպու մին:

Հոն էին Մուշեղ Իշխանը, Վահէ Վահեանը, Պօղոս Սնապեանը, Օննիկ Սարգիսեանր, Գրիգոր Շահինեանր, Յակոբ Գույումճեանը, Սարդիս կիրակոսեանը ու տակաւին չատեր: Ուրիշ հրաւիրեալներ Արեւելեան Պէյրութի մէջ ըԱալնան, չէին կրցած Արեւմուտք գալ:

Երեկոն կր վարէր Գառնիկ Ադդարեանը։

Զերմ երեկոյ էր։ Բոլորն աւ խօսեցան: Խօսեցան Սերօ Խանգադեանի արձակին, վէպին ու պատմուածքներուն մասին: Դրուատեցին:

ք՝ ոլ որ կող մերը ներկայացնող նման երեկոյի մը առաջին ան գամ ներկայ կ խլայի:

Պօղոս Սնապեանը խօսեցաւ Վարպետին1 «Մխիթար Սպարա­պետ»ին մասին:

Գառնիկը օրիորդի մր առաջարկեց, որ երգէ; Օրիորդը ուշացաւ եր գել: Մուշեղ Իշխանը յարեց, օրիորդ, եթէ քիչ մըն ալ ուշանաք, մենք խումբով «եարկուտ Տեղաց»ը պիտի երգենք:

Անդիէն, Ադդարեանը ըսաւ, աղջիկ շուտ ըրէ, աղէտը չգործադրուած երգէ եոմիտասէն:

Ոո/որս խնդացինք:

Երեկոյին առանցքը Սերօ Խանղադեանն էր, բայց հարցերու հարցը մեր գրականութիւնն էր ու մեր ժողովուրդը:

երթ խօսելու հերթը հասաւ ինծի, ըսի.– Դուք բոլորդ խօսեցաք Սերօ Խանգադեան գրագէտին մասին: Ես պիտի խօսիմ Հայաստանի քաղաքացիին մասին: Եթէ խօսածներուս մէջ կան իրականութեան չհամապատասխանող կէտեր, թող վարպետը ուղղէ...

Ահա, գիւղեր ու պարպումը դէպի քաղաքներ, համաշխարհային երեւոյթ է: Մեր երկիրը, անմասն չէ մնացած այս երեւոյթ էն:

Հայաստանի գիւղերը կր պարպուին: Երեւանը սկսած է դառնալ քաղաք երկիր: Այսինքն, երբ Հայաստան կըսենք, կը հասկնանք Երեւան:

Այսպէս ըլլալը ժխտական է մեր ժողովուրդին համար: Հրահանգով, Երեւանի համալսարանները աւարտող երիտասարդը չես կրնար ղրկել իր գիւղը: Ան, քաղաքային կեանքը ապրելով, հագար միջոց կը մտածէ մնալու համար Երեւան: Ար մնայ, յետոյ իր մօտ բերել կու տայ քոյրերը, եղբայրները, ծնողքը: