Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/291

Այս էջը սրբագրված է

Որքան ա զարմանալի թուի, Դամասկոսի բնակիչ բանաստեղծ ԱԼՒ ՝ՈԱՆԱԱՆին ծանօթացայ Երեւանի մէջ։

Սուրիական մշակութային պատուիրակութեան մը հետ եկա ծէր։

Երկու սուրիացի ջերմ հանդիպում մր ունեցանք։ Ւնք շատ յուզուած էր դիտելով հայ մանուկները մանկական երկաթուղիի կայարանին մէջ

Ծանր մանկութիւն մը ունեցած է այս բանաստեղծը եւ նման հոգա­տարութիւն, անշուշտ որ պիտի յուզէր ղինք:

Ոանաանը բանաստեղծութիւն մը գրեց նոյն օրը մեր մայրաքաղաքին մասին ու զայն վերնագրեց «Փունջ Մը Ծաղիկ Երեւանին»։ Անմիջապէս թարգմանեցի ու տուի «Գրական Թերթ»ին։ Լոյս տեսաւ այն տեսակ­ցութեան կողքին, գոր ունեցած էի Ալի ՝Ոանաանի եւ Հաննա Մինսյյի հետ։

Երեւանէն շրջանաւարտ ըլալէս ու Հալէպ վերադառնալէս ետք այս բանաստեղծին հետ շարանակեցի կապերս։ Ւնք Հալէպ կու գայ գիս կքայցելէ։ Ես Դամասկոս կերթամ, ղինք կքայցելեմ։

Գրական կապերը։ Գուցէ։ Միթէ գրականութիւնը լաւագոյնը չէ՞ կապերուն տարբեր Ժողովուրդներ մօտեցնող իրարու։

ՀԱՆՆԷ ՄՒՆԷն Սուրիոյ մէջ ճանչցուած է որպէս ներկայի լաւագոյն վիպագիրներէն մէկը։ Շրջան մր ապրած է Ալեքսանտրէթ։ Մենք պիտի ըսէինք հայկական ծոցին մէջ, աշխարհագրական դիրք մը, զոր ֆրանսացիք նուիրեւցին թուրքին, որպէս թէ իրենցը րԱար։

Հաննա Սինէն եկած էր Երել ան, Ալի ՝Ւանաանին հետ։

Արմեւնի ա հիւրանոցի իրենց սենեակին մէջ տեսակցութիւն մր ու­նեցայ սարիացի արար այս գրողներու ն հետ «Գր ական Թերթ»ին համար, որ անմիջապէս տպուեւցաւ:

Երկու օր ետք պիտի մեկնէին իրենք։ Օդանաւը թռիչք չառած, հասցուցի տպապրու ածյօդու ածը օդանաւակայան։

Ուրախացան, բայց երկուքը միասին րսին.– Մենք հայերէն չենք գիտեր։ Աեր նկարր կարդալու համար հայերէնի պէտք չունիք, ըսի, էսկ յօդուածս թող դամասկահայ մր կարդայ ու թարգմանէ ձեղի։

Հաննա Մինէն րնկերային խորք ունեցող գրող է.