Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/307

Այս էջը սրբագրված է

Ամէն անգւսմ, որ Արթոյի երեւանեան արուեստանոցը կքերթայի, հոն հաղորդութիւն առած կքըԱայի, արուեստի հաղորդութիւն:

Հիմա. Արթօն Գանատա կը բնակի: Մոնթրէալ։

Վերջին տարիներու ն, երկու ան գամ կրցայ այցելել ղինք:

Արուեստի նոյն մթնոլորտը այստեղ եւս: Եր տունին, իր աշխատա­նոցին մէջ ուր կր նստի զրոյցի իր յուշ դարձած օրերուն հետ։

Հեռախօսով կը ժամադրուիմ: ՈԵմադրիչ Պերճ Ֆագլեանին ու աղջկանս՝ Անիին հետ իր մօտն ենք։ Սեղանին վրայէն ծանօթ գիրք մը ինծի կը նայի: Ե՜նչ գիրք է, հասկցածը, կիսէ Արթօն: կր բանայ առաջին էջը ու կը կարդայ։ Ես մակագրած եմ, իրեն համար, երկու տասնամեակ առաջ ուր, Արթոյին համար փայլուն ապագայ մր կր նախատեսեմ...

Ես հայ եմ, սիրելի Արթօ, դուն ալ հայ ես: Դուն հողէդ ելար ու եկար Գանատա։ Ամէն երեւոյթ բացատրութիւն մր ունի։ Եու Գանատա գալդ նոյնպԼս անի իր րացատրա թիւ նր, որ գէթ՜ քեղի համար անպայման արդարանալի է։

Ոայց, ար դա բանալը ներում կր բերէ՜...

Եկէք չխօսինք այդ մասին։ Աւելի ճիշդր իւրովի խօսինք։ Արուեստը կը գնահատուի, կը սիր ուի ուր ալ ըԱայ:

Ոայց դարձեալ պատասխան մր կր սպասեմքեզմէ, երբ դուն գիտես, որ ինծի համար Արթօ Զաքմաքճեանր արուեստագէտ էր թէյ Հայաստանի մէջ, թէ/ Գանատայի: Արուեստագէտը կը մնայ արուեստագէտ, ուր ալ ԸԱայ, բայց խօսիր Արթօ, ես որ քեղի կապուած եմ արուեստի խունկով ու որդան կարմիրով։

Ու Արթ օն խօսեցաւ.–

- Ւնչ ըսեմ, Թորոս, սիրելիս, Հայաստանի ժայռերը կը խօսէին հետս, հողը կը խօսէր հետս, ծառերը կր խօսէին հետս, վանքերը կը խօսէին...

Եկայ այստեդ, գտայ գեդեցիկ երկիր մր, բայց կարծես, քարթ փոսթալի վրայ տպուած պէյիզաժըԱայ, ճիշդ նոյնը, գեղեցիկը առանց կրակի:

կրակ չկայ, Թորոս, սիրելիս, կրակ չկայ։ Արեւը պագ է, լեռները, Հողը պագ են, պագ պէյիղաժ...

Այստեղ ալ կը ստեղծագործեմ: կ՚աշխատիմ։ կը ցուցադրեմ: Արդէն հիացող նե ր ու բանակ մր ունիմ մօտ ու հեռու, բայց... զիս աշխատանքի մղողը հայ հողն է, հետս բերած այն ջերմութիւնն է, զոր Հայաստանը կրնար աալ միայն, այդ Հայաստանի ջերմուժն է զիս աշխատանքի մղողը, օրերս ջերմացնողը, ստեղծագործելու մղողը...

Մարզեր, ալ չխօսիմ: Այսքանր հերիք է։

Ես արցունքով բաժնուեցայ Արթօ Զաքմաքճեանէն, ու հոն մէջս ծնաւ Արթոյի մասին գիրք մր գրն/ու գաղափարը...