Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/311

Այս էջը սրբագրված է

ՄԱՐԹԹԻ ԼԱՐՆԻն զաւակն է լիճերու հայրենիքին Ֆինլանտայի։ Երեւանի մէջ, հայերէնով կարդացի իր մէկ գիրքր «Գեղեցկու հի Խո­զարածը»։ եարդացի ու սիրեցի գործլւ։ Անմիջապէս զգացի թէ գործս մեծ գրողի մր հետ է, ու անմիջապէս որոշեցի երթալ Հելսինքի եւ տե­սակցութիւն մը ունենալ այս ֆին գրողին հետ։

Ըայց կ *ուզէի ունենալ հայերէնի թարգմանուած այս գիրքէն օրինակ մը, որ տանէի իրեն։ Արդեօք ինք տեղեա^կ էր թարգմանութեան մասին։

Փնտռեցի ու չգտայ։ էրեւանցի բարեկամ մը ըսաւ ինծի, երբ ձեզի ախպար կիսենք, կը նեղանաք։ ՝Տաղաքը տակնուվրայ ըրած ես ու չես գտած Մարթթի Լարնիի գիրքր։ Ատկէ դիւրին ոչինչ կայ։

Բարեկամս նոյն օրը ինծի բերաւ օրինակ մր «Դեղեցկոլհի Խոզա­ րածը»էն։ Ուրկէ** գտար, ինչպէ^ս գտար։ Եղբայր, այնքան գրադարաններ կան։ Գացի վերցուցի։ Միջոց մր ետք, կնրթամկիսեմ, գիրքր կորսնցուցի ու կը վճարեմ գինր։ Եղա^ւ։ Ոա^յց, ըսի։ Առանց բայցի գնա եւ ուրախացուր ֆին գրողը, այդ աւելի կարեւոր է։

Այդ օրը հաստատեցի, որ բարեկամս գործնական մարգ էր։

Մտածումս գործադրեցի։ 1968ի ամրան, Լենինկրատի նաւահան­ գիստէն «Մարիա Ուլիանովա» նաւը բարձրանալով գացի Հելսինքի։ Նաւր ֆիննական ծոցին մէջ պիտի մնար եօթն ու կէս ժամ։

Նա լուն վրայէն հեռախօսով կապուեցայ Լարնիներուն։ Տիկին Վիուլան էր ընկալուչը վերցնողը։ Փոխանցեց Աարթթիին։ Հա^յ էք, օ, ուրախ եմ ըսաւ գրողը։ Առաջին ան գամ ըըալով հայ մը պիտի ընդունիմ տունս։ կինս ու զաւակներս ալ հետս են։ Ընտանեօք կու գանք։ Հազար բարով, ըսաւ Մարթթին։ Ըայց ինչպէ^ս, ըսի ես։ Ուրտեղէ^ն կը խօսիս։ Նաւուն վրայէն։ Վար նայէ, ըսաւ մեծ գրողը, նաւահանգիստի հրապարակն է։ Հոն շարուած թաքսիներ կան։ Ոեւէ շարժավարի երբ ըսես, զիս տարէք Մարթթի Լարնիին տունը, ուղիդ կը հասցնեն ձեզ։

Այդպէս ալ եղաւ։

Ողջագուրուեցանք հին ծանօթներու նման։ Վիլլա մրն էր, ընդարձակ այգիով մը, ուր Տիկ. Վիուլան ցանած էր ելակ։ Աղջիկս Անին եւ մանչուկս Արան, մտան ելակի արտին մէջ ու սկսան ջարդի... Ես բարկացայ։ Որո^ւ համար են հապա այդ սքանչե/փ ելակները, ըսին Տէր եւ Տիկին, երեխաները թող թուփերու վրայէն ճաշակեն այս պտուղը։

Վեց ժամ մնացինք Լարնիներու տան մէջ։ Անմոռանալի վեց ժամ, որ ոչ թէ սահեցաւ, այլ իմս եղաւ բոլոր օրերուս համար։