Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/314

Այս էջը սրբագրված է

ԶԱՐԼՍ ԳԱՈՒՍԷԹը Հայաստանի մէջ կը ճանչնան։ Այս անգլիացի հայագէտը դասախօս է ՝Րէմպրիճի մէջ: էս իրեն ծանօթացայ Երեւանի Ս. Մեսրոպի անուան մատենադարան այցելութեանս րնթացքին։

Հասակաւոր, ժպտադէմ, բայց միաժամանակ ներամփոփ չըսելու համար քիչ մը խիսսւ անձնաւորութիւն էր։

կատակելը դգալով էր, ժպիտը բաժակով, իոկ գիտելիքը՝ շա՜տ... Գիտէր գրաբար ու կարծէք նոր սկսած էր սիրել մեր ժողովուրդը, յատկապէս Հայաստան գալէն ետք։

՝Րանի մր անգամ տեսնա եցանք: Հասցէներ փոխանակեցինք:

Ահա ես Լոնտոն էի։ եր ծանօթանայի քաղ աքին տես արժան վայրե­րուն, թան գար անն եր ո ւն, Թայմղի կամուբջին, Պիկ Պէնկին, Թրաֆալկար Սքա էրին, հաքոց եկեղեցիին, Հայ Տա նին. այս բոլորին նոր ծանօթի մը միջոցով, որ կր կոչուէր Զոհրապ Շամլեան:

Հեռախօսեցինք Գաուսէթին: Մեզ ճաշի հրաւիրեց անմիջապէս։ Անգ/իացին նման փութկոտութիւն ցոյց չի տար, ըսաւ Զոհրապ, կայ չկայ փրոֆէսէօրր ագգուած է երեւանցիներէն։

Հեոախօսէն, Դաուսէթ կր պնդէր, որ մեր գտնուած տեղը ըսենք, որ ինք գայ մեղ տանի։ Մենք հակաոակր պնդեցինք։ Տանս տեղր դժուար է, ըսաւ։ Մենք ալ հայ ենք ըսինք։ Տեղի տուաւ։

Որոշեալ ժամուն փրոֆ. Զարլս Դաուսէթի տունին զանգը կը հ նչեց նէինք:

Ինչպէ/ գտաք, ըսաւ հայագէտը։ Հայօրէն, ըսաւ Զոհրապ։

Հիլրասիրոլեցանք։ Ժէկ քանի ժամ, ֆոնի վրայ կոմիտասեան երդերն էին - Գարուն ա, կաքաւիկ, Շողեր ջան...

Լոնտոն եւ կոմիտաս։ Գուն ամէն տեղ պէտք է րցաս, կոմիտաս։ Գուն ինկար Փարիզի Վիլ Ժիւիֆ հիւանդանոցը, երբ պետութիւն չունէինք։ Գուն հասար ա պիտի հասնիս հետզհետէ աշխաբհիբոլոբ մայրաքաղաքնեբբ, քանի որ, այսօր, քու ժողովուրդդ դարձած է պետական ժողովուրդ։

Գաուսէթներու տունին մէջ ծանօթ՛ացանք հոլանտացի կրօնական գործիչի մը՝ Գոկտ. Տրիէսսէնին։ Ահ ա հայագէտ մը եւս, ըսաւ Գաուսէթ գոյգ տալով հոլանտացին։ Այո վերջինը շատ համեստ էր։ Այդպէս չէ, րսալ, գիտցածս քիչ մը գրաբար է։

Զարլս Գաուսէթր հիացումով կը յիշէր Երեւանը, երեւանցիներու ջերմութիւնը, հիւրասիրութիւնր։ կիսէր, թէ աոաջին առիթով կ*ուղէ դարձեալ այցելել մեր երկիրը, բայց ոչ ձեռնունայն, կ*ուզէր հայագի­ տութեան գիծով գործ մը ամբողջացնել ու այղպէս երթալ Երեւան։