Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/333

Այս էջը սրբագրված է

կոստան Զարեանի խնդրանքով ես տեսայ իր երկու զաւակներր: Մէկր ՝թոբէնհակընի մէջ ՎԱՀԷ ԶԱՈԵԱՆ, միւսը Հոոմի մէջ ՆՈՒԱՐԴ ԶԱՐԵԱՆ:

Վահէ Զարեանը Մոսկուայէն իր հասցէին ղրկածնամակս ստացած ու անմիջապէս ածիլուելու սկսած էր, որ գար ու դիմաւորէր դիս Գ^ոբէն–Հակրնի նաւահանգիստը, երբ ես իր տան դուռը զարկի...

Ա՜, Թորոսն ես պոռալով դէպի դուռր վազեց օճառոտ դէմքով, երբ ես նորվեկիացի կնոջը հետ կր խօսէի:

Ողջագուրուեցանք հին ծանօթներու նման: Եայց, նամակդ տաս վայր կետն առաջ ստացայ։ Նաւդ ու դուն աւելի շուտ հասաք, ըսաւ:

կինը զարմացած միշտ կը նայէր, մինչ Վահէն կիսէր ինծի, կը տեսնելս սա նորվեկիացին, սքանչելի կին է, բայց մեր հայու ցաւէն ոչինչ կը հասկնայ, լաւ համբուրել գիտէ, այդքան։ ՝իալէ, քալէ, երթանք քիչ մր խօսինք, հօրս եւ Հայաստանի կարօտը առնեմ քեզմէ:

Տանձնեցի հայր Զարեանի զրկած նուէրներր «Տատրագոմի Հարս»ին երեւանեան տպագրութիւնը եւ հայաստանեան հեւլվա։ Վահէն շատ կր սիրէ եզեր հելվան:

Սթրոյ փողոցին վրայ բացուոզ սրճարանի մը մէջ նստանք ղրոյցի։ Այս փողոցը, ծաղկամաններով հարուստ, Գ^ոբէնհակրնի քաղաքապետութեան հրահանգով, միայն հետիոտներոլն համար էր:

Այդ րոպէին մտածեցի.– Երանի թէ Երեւանի նախկին Աստաֆեան ու ներկայի Աբովեան փողոցն ալ այս ձեւը որդեգրէր: Փողոց մը, որուն վրայ այնքան ման եկած է Զարենց ու ծաղիկներ զնած Ղարապալայէն: Այդ նարդէն ես ալ ծաղիկներ գնեցի. թէեւ ծերունի, խռպոտած ձայնով ծաղիկ կը ծախէր:

Վահէ Զարեան, կինը նորվեկիացի։

Նուարդ Զարեան, ամուսինը իտալացի։

Զայց երկուքն ալ կր մնան զտարիէ ն հայեր թէ՛ խօսքով, թէ՛ գործով:

Երբ Նուարդ Զարեանին դրան զանգր հնչեցուցի, մնացի անպա­տասխան: Գրացի մը գլուխը պատուհանէն երկարելով ըսաւ.- Տէր եւ Տիկ. Հոոմի Գեղարուեստիդ Ակադեմիայի դասախօսներ եւն: Հոն կրնաս գտնել զիրենք։

Գացի գեղարուեստիդ Ակադեմիա: Դասի էին: Ապասեցի: Առաջին այցելութիւնս չէր։ Հիմա, կր քալէինք երեքս որպէս երեք ուրախութիւն: