Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/35

Այս էջը սրբագրված է

Ելայ ոտքի, քիչ մըն ալ ցոյց ընելու պէս, ըսի, րայց ներեցէք ինծի, մէկը որ հւսյութենէ Հրաժարիլ կը ծրագրէ, անոր սուրճը չեմխմեր.. ըսի եւ ուղղուեցայ դէպի դուռը։

Ասատուրը իրար անցաւ: Գաշնակահարուհին մնաց զարմացած. Միշա Գիւտեանը հասաւ եւոեւէս ու դրան առջեւ թեւէս բռնելով ըսաւ Եղբայր, ո՞վ է հայութենէն հրաժարողը, խօսք մըն էր ըսինք մեր շուրջիններուն անհոգութիւնը շեշաելու համար, ինչու ես կրնա՞մ հայութենէ հրաժարիլ...

Նստեցանք։ Խմեցինք սուրճը։

Վերջին քսւսն տարիներուն Միշա Գիւտեան հայերէնէ-անգլերէնի թարգմանեց տասնէ աւելի գիրքեր թարգմանիչին պատիւ բերող առաւելութիւնն եր ով։

Մեր մեծ, անմոռանալի վիշտէն ետք մեր արուեստի խօսքր տանիլ ժողովուրդներուն։ Ահա անհրաժեշտ գործմր, զոր անընդմէջ կը կատարէ Գիւտեան։

Հայր ենիքը ճանչցաւ ղինք։ Գաղութները ճան շցան զինք։

Միշա Գիւտեան, որպէս թարգմանիչ, դէմք մըն է մեր իրակա­նութեան մէջ, ոչ թէ հայութենէն հրաժարող, այլ ամէն օր իր հայութեան քիչ մը աւելի կապուող դէմք մր։

Ոսան տարիներու սա հեռաւորութենէն շնորհակալութիւն տարած անգնահատելի աշխատանքիդ համար Միշա Գիւտեան։

Եւ ուշացած շնորհակալութիւն սուրճիգ համար։

Հալէպ, 1985

Ես գիտէի, որ այս մարգը Գրիգոր Շահինեան կր կոչուէր։ Ան ալ գիտէր, որ ես Թորանեանն էի։ Ոչ մէկ անգամիրար բարեւած էինք։ Ես կիջնէի Պէյրութքաղաքի Ս. Նշան եկեղեցիին բարձունքն ի վար, ինք կր բարձրանար նոյն բարձունքն ի վեր։

Ոարեւ ընկեր Թորանեան, կանգնեցուց զիս, որպէսղի ես ալ բարեւ ընկեր Շահինեան ըսեմ։ Պարզ դարձաւ, որ զիրար կր ճան չնայինք։ Այդ բարեւր կամուր2 եղաւ ու ահա շուրջ երեսուն տարիներէ ի վեր ղիբար կը բարեւենք։

Ոայց ի՞նչ էր այդ օրուան բարեւին շարժառիթը։

Գրած էի յօդուած մր, Պէյրութի մէջ հրատարակուող «Մեր Նշա–