Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/356

Այս էջը սրբագրված է

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱԻՈԻՐ

Հայր Ազնաւուրեւսնին հետ ՝Ըատէի սրճարանին մէջ Ըիքար մր խմեցինք։ Ֆրանսական օղի։ Պատմեց կովկասէն: Տարագիրի մր կեանքին դժուարութիւնն ելէն, բանեցուցած ճաշարանէն ու դժգոհութիւն յայտնեց որդի Ազնաւուրի մասին, ըսելով թէ մեր ԵԱՆր պէտք է պահէր։ Ուստի, եզրակացուր, ես Ազնաւուր չեմ, Ազնաւուրեան եմ:

Դարձեալ արձակուրդային օրեր էին, դարձեալ պիտի գայի Փարիզ, ու նախ քան ճամբորդելս, հանդիպեցայ Հայպետհրատ։ Ըսին թէ ամիս է մը կը տպագրեն Շարլ Ազնաւուրի ինքնագիր երդերուն թարգմանութիւնր, դոր հմտօրէն կատարած էր մոսկուաբնակ Աբրահամ Ալիքեանը:

Անմիջապէս գաղափար մը յղացայ:

Փարիզ հասնելով, ուղիղ գացի Գաոզուի մօտ: Ոացատրեցի, որ Շարլ Ազնաւուրր երբ երեւան եկաւ մենահամերգի համար, չկրցայ տոմսակ ապահովէք ու չլսեցի ղինք։ Գէթ Փարիզի մէջ լսէի: Շատ դիւրին է, հիմա կը կարգադրեմ՝, ըսաւ անուանի նկարիչը: Ոայց ես Օլիմբիայէն կու գամ, տոմսակ չկայ, ըսին, սպաոած են բոլոր տոմսերը: Գաոզուն ժպտեցաւ, վերցուր հեոախօսափողը եւ պատուիրեց չորս տոմս: Պատրաստ է, ըսին։

Միասին գացինք։ Տիկ. Նան Դաոզուն եւ Արմին էն ընկերացան մեղի։ Սքանչելի երեկոյ էր։ Այդ կարճահասակ մարգը իր տարօրինակ ձայնով գրաւած էր Փարիզր, գրաւած էր աշխար հր։ Այդ խնչ ծափա հարութիւններ էին, այդ խնչ հուոոաներ, բոլոր երիտասարդները ոտքի, պիո կր պոոային։

Շարլր երգեց «երբ ՝Ըսան Տարեկան էի» երդը, սրբեց ճակատին քրտինքը ու բարկութեամբ թաշկինակր նետեր գետին, ըսելովՀիմա քսան տարեկան չեմ... աոաջին կարգէն աղջիկ մը ճարպիկօրէն ցատկեց բեմայարդակ ու նոյն հետայն վերցուր Ազնաւուրին թաշկինակր եւ ակնթարթի մը մէջ գրաւեց իր աթոոը։ Ներկաներր ծափահարեցին։

Գաղտնիք մր ունէի։ Յայտնեցի Դաողոլին: Դլուխը շարժեր հաս­տատական։

Դուրս ելանք։ Երիտասարդութիւնը տաոացիօրէն խուժեց դէպի Ազնաւուրի հանգիստի սենեակը, ստորագրութիւն կ9ուղէին, յիշատակ մր պահեք կ*ուզէին Աղնաւուրէն։

Մենք մեկուսի, կր դիտէինք բերկրալի տեսարանը։

Կէ ս ժամ տեւեց մեր սպասումը։ երնար մէկ ու կէս ժամ ալ տեւել։ Դաոզուին դառնալով, ըսի.– կարելի չէոր սանկ ձեր դէմքը ցոյց տաք Ազնաւուրին։ Նկարիչը առաջ անցաւ, Շարլր նկատեց ու թեւերը տարա–