Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/357

Այս էջը սրբագրված է

ծելով բացագանչեց.– Օ, Դառզու, բարեկամս, այդ դո^ւք էք...

Ալ հերիք է, ըսաւ, ալ օթոկրաֆ չեմ տար, այսօրուան համար վերջ, փակեցէք դուռը; Երիտասարդութիւնը ընկրկեցալ առանց ուզելու, մենք բարեւեցինք Ազնաւուրր, օհ, ըսաւ երգիչը, ուրեմն հիւրերս բոլորն ալ հայ են: Գառդուն շշնչաց.– Ոչ միայն հայեր են, այլ կու գան Հայաստանէն:

Հաճելի է, հաճելի է, ըսաւ Ազնաւուր ու մտանք ներս: Դուռը փակւեցաւ: Սենեակը դարձաւ Հայաստան: Ես ու Արմինէն չէինք գիտեր, որ Ագնաւուրր մեզի պէս հայերէն կը խօսի:

Ամէնէն առաջ եկէք ծանօթանանք, ըսաւ երգիչը: Դուք մեզի ծանօթ էք, ըսի, աչխարհը ծանօթ է ձեր երդին, իսկ մենք, ես ու կինս։ Արմինէն, ուսանողներ ենք Երեւանի մէջ: Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն:

Լաւ, ըսաւ երգիչը, քանի բոլորս իրար ծանօթացանք, հիմա, ես մեր հայրենակիցէն, պրն. Դառզուէն խնդրանք մը ունիմայսինքն գանգատ մը.– Ես ե^րբ Դառզու մը պիտի ունենամ տանս մէջ, որ պատէն ամէն օր ինծի նայի, ես ալ իրեն:

Այսօր իսկ, ըսաւ Դառզուն: Նկար մը, երբ ալ ուզէք, պատրաստ է ձեզի համար, ե^րբ կը պատուէք մեզ: ժամադրուեցանք:

Խնդրանք –պահանջքի կարգը իմս է, ըսի ես, ու Ազնաւուրի հրամեցէքր լսելէս ետք յայտարարեցիԵրեւան, Հայպետհրատ շուտով կը տպէ ձեր երդերուն մէկ գիրքր, հայերէն լեզուով: Այդ գիրքին համար ձեզմէ կ*ուզեն յառաջաբան մը:

Ոայց ես երգիչ եմ, յառաջաբան գրել չեմ գիտեր, ըսաւ Ազնաւուր: Յետոյ, ինչպէ^ս գիլւքս կը թարգմանեն ու ես լուր չունիմ, հոնորորի հարց ալ կայ, աւելցուց խնդալով: Անակնկալ ընել ուզեցին, հոնորորն ալ ես պիտի տամ, որքանն կ*ուզէք, ըսի ես; Խնդացինք:

Յաջորդ օրուան համար ժամադրուեցանք, որպէսզի Ազնաւուր երկու խօսք գրէ իր հայրենական գիրքին համար:

Այդ երկու խօսքը տարի Երեւան: Տպոլեցաւ գիրքին առաջին էջին վրայ: Այդ երդերու դիր քէն ղրկեցի Ազնաւուրին հասցէին տասր օրինակ:

Տարիներ ետք, երբ երգիչը Հալէպ եկաւ համերգի մը համար, տեսերւեցայ հետը օթէլ Պարոնի պատշգամբին վրայ: Օ, Թորոս, ժամանակին ստացած եմ զրկած գիրքերդ, ըսաւ, այսինքն գիրքեբս, շատ ուրախ եղայ:

Հալէպցիներն ալ վայելեցին Շաբլ Ազնաւուրին երդերը:

Ազնաւուրը եան չունի, բայց ամէն տեղ կը տանի իր հայութիւնր, որուն մասին այնքան յստակօրէն խօսած է իր արձակ այն գործին մէջ որ կր կոչուի «Ազնաւուր Ազնաւուրի Մասին»:

Երեւանի մէջ, այս գիրքն ալ թարգմանուեցաւ:

Եսկ Ազնաւուրի մեծ Եղեռնին նուիրուած «Անոնք Ինկան» երդը, կամ եղերերգր դժգոհութիւն յառաջացուր թուրքերու մօտ: