Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/358

Այս էջը սրբագրված է

ԱՇՈՏ ՄԱԼԱԲԵԱՆ - ՀԱՆՐԻ ՎԵՐՆԷՕՅ

"թանի քանի անգամներ նստեցանք միասին, միշտ Գառղուներու հետ։

Վերջին ան գամ 1984ի Մայիսին: ճաշարանի մը մէջ ենք: Ներկայ են Գառզուները Տէր եւ Տիկին, Հանրի Վերնէօյը, Ղազարոս Աարեանը, Շահէ Խաչատուրեանը եւ ես։

նիշերը էը կՒսոլի՝ մեր հո՜գը։ Նան Գաոզուն չի դժգոհիր, ամբողջ խոսակցութիւնը հայերէն է։ Վարժուած եմ, կիսէ։ Միշտ այսպէս եղա ծէ։ Երբ մէկ քանի հայ իրարու մօտ գան, Հայաստան մր կը ստեղծուի։ Նոյնիսկ երբ բոլորն ալ քաջալաւ գիտնան ֆրանսերէն, հայերէն կը խօսին։ Ես կը հասկնամ զիրենք։ Իրաւունք ունին։

Վերնէօյը բաժակ կը բարձրացնէ մեր հարսին։ Նան Գաոզուին կե­նացը ու կը խնդրէ բոլորէս, որ ինքք քիչ մր ֆրանսերէն խօսի, մեր հարսին հետ։ Մէկ քանի նախադասութիւն ֆրանսերէնով կ ^արտայայտուի նաեւ Շահէ Խաչատուրեանը։

Փարիզի մէջ հայկական նման երեկոյ, քիչ անգամ կր զուգադիպի։ Ոայց Երեւանի մէջ, ամէն օր կրնաք ունենալ։

Ուրիշ անգամ դարձեալ հաւաքուած ենք։ Միշտ հիւրը Գառզուներուն, ներկայ են բացի Մալաքեանէն, նաեւ Վահէ ՝իաչան։ Հայ մտաւորականներու հանդիպում։ հ՝առզուն կը դառնայ ինծի ու հարց կու տայ, ի՜°նչ կրնանք ընել Հայաստանի համար։ Շատ բան, կիսեմ։ Եթէ Վերնէօյը լաւ ֆիէմ մը պատրաստէ, դուք նոր պաստաու մը իրագործէք, իաչան վէպ մը գրէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, այս ձեւով կրնաք օգտակար ըԱալ Հայաստանին։ Հայ անունը բարձր պէտք է հնչէ, ու այդ հայ մտաւորականութեան միջոցով։

Վերնէօյը կը խնդրէ իր կնոջմէն Ֆրանսուազէն, որ հայերէն երդէ։ Լսեցէք, կիսէ բեմադրիչը, իմ ֆրանսուհիս ինչպէս հայերէն պիտի երդէ։ Ու կ*երգէ Ֆրանսուագ.–

- Արթնցիր, տիկին, քունէդ, մրգավաճառն է եկեր,
Աժան, աժան տամ պիտի, որ սակառս պարպուի։
Ոերեր եմ Հայաստանէն անոյշ, թթու նուռերը,
Աժան, աժան տամ պիտի, որ սակառս պարպուի։
Ոոլորս կր ծափահարենք։ Ֆրանսուազին դէմքր կառնէ արեւի գոյն։

Աշոտ Մալաքեանր ծնած է Ռոտոսթօ - Թեքիր Տաղ, 1920 թուա­կանին։