Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/363

Այս էջը սրբագրված է

Առանց ճանչնալու, սիրեցի ընկերոջդ մտւս&ելու եղանակը, ըսաւ գրողը։

Եթէ հանդիպէք իրեն, օր մը երթաք Երեւան, կամ կարպիսր, ինքը գայ Փաըիղ, ան կասկած, աւելի պիտի գնահատէք ղինք ու իր հետ ռու­սերէն խօսիք։ եր զգաք արդէն, որ իմ ռուսերէնս տկար է։ Եկէք ֆրանսերէնով շարունակենք մեր զրոյցը։

Ի՞նչ բան կը հետաքրքրէ ձեզ։ կ*ուզեմ ունենալ ձեր կարծիքը ռուս գրականութեան մասին ընդհանրապէս, գիտեմ թէ կր գտնուիմ մաս­նագէտի մը ներկայութեան։

Այս հարցումիդ պատասխանելու համար, կարելի է հատորներ լեցընել։ Ռուսական վէպը ամբողջական անկեղծութեան մը դրսեւորումն է։ Ահա իր յաջողութեան հիմնական աղբիւրր։ Ռուսական գրականութիւնը իր մեծերով, նոր ներարկում, նոր կեանք, կեանքի նոր ճանաչողութիւն բերաւ աշխարհին, եւ ոուսական ԸԱաէով դարձաւ համամարդկային։

Մեծ եղաւ ռուս գրականութեան ազդեցութիւնը համաշխարհային գրականութեան վերրնթաց յառաջդիմութեան վրայ։

Ւ^նչ կըսէիք ռուս սովետական գրականութեան մասին։

Ռուս սովետական դրականութիւնը իր փայլուն էջերով շարունակու­թիւնն է ռուս դասական գրականութեան, իր նկարագրական կողմերովր ինչ կը վերաբերի հոգեբանական բաժինին, նորը կր զիչի հինին։

կրնալն ձեր այս կարծիքը հրատարակութեան տալ։ Անշուշտ կրնաք։ Այս ըսելով, ոտքի ելաւ Թրուայեան եւ իր ակնարկը ուղղեց նօթատետրիս։ Գեղեցիկ գիր է, ըսաւ։ Ոչ միայն գեղեցիկ, այլ ամբողջական, պատասխանեցի ես։ Հայերէն դիրերով կարեքի է գրել աշխարհի խօսուած րոլոր լեգուները։ Հայ դիրերու ստեղծիչր, այնքան հմտօրէն պատրաստած է մեր տառերը, որ մենք, որպէս երախտագէտ ժողովուրդ, սրբացուցած ենք զինք ու կոչած՝ Սուրբ Մեսրոպ։

Ու քանի խօսեցանք Ա, Աեսրոպի մասին, հաճեցէք րնդունիլ սա փոքր նուէրը՝ «Անդաստան»ր։ Փաբիզ լոյս տեսնող հայերէն դրական պաբբերագիրք մըն է։ Խմբագիրը Ոիւղանդ Թօփալեան, բանաստեղծ է ու նկարիչ։ Այս թիլին մէջ կ ան ֆրանսեբէն յօդուածներ ու հայ մեծ բա­նաստեղծ՝ Եղիշէ Զարենցէն թարգմանութիւններէ ահա թէ ինչու բերած եմ այս պարբերականը:

Թրուայեան շնորհակալութեամբ րնդունեց «Անդաստան»ր, թերթատեց ու ըսաւ.– Անպայման կր կարդամ։

Սենեակին մէջ, ուր մեր զրոյցը կը շարունակուէր, կային նկարներ։ Խօսքս ուգգելով մեծ գրողին, րսիթ կերեւի մեզ լսողներ կան։

Ոչ, առանձին ենք, ըսաւ Թրուայեան։ Հապա ժպտուն այս նկարնե՜րը, ըսի ես, կարծէք գոհ են մեր խօսակցութենէն։