Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/365

Այս էջը սրբագրված է

ԺԱՆՍԵՄ - ՅՈՎԱՀՆՆԷՍ ՍեՄԵՐՃԵԱՆ

Ամէն մանուկ նկարիչ է, ամէն մանուկ կը նկարէ, բայգ ամէն մանուկ չի շարունակեր նկարել, ես եղայ այն մանուկը, որ շարունակեց նկարել ու ահա այս օր նկարիչ եմ:

Տասներկու տարեկան էի, երբ մայրս Արեգ Աեմերճեան, ծննդեանս տարեդարձին առիթով տուփ մը իւղաներկ բերաւ ինծի։ Մօրս նուէրը բախտորոշ դեր մը կատարեց կեանքիս մէջ, յեղաշրջեր զիս, նախագծեր կեանքիս ուղին։

Նստած էի նկարիչ Ժանսեմի Իսի էէ Մուլինօ թաղամասի արուես­տան ոգին մէջ ու կունկնդրէի դինք։

Արուեստանոցը ընդարձակ էր։ Անձրեւ չկար, արեւ չկար, բայգ ահա, ծիածաններ մեր չորս ժոխերու հանդէս: Պարուհիներ, հայուհիներ:

Ինչ ալ նկարեմ, հայկական բան մը կայ նկարածիս մէջ, կիսէ Ժանսեմ։ Լաւ խօսող մր չեմ, ճամբորդող մը չեմ։ Եթէ չստիպեն, կը մնամ սա արուեստանոգիս մէջ ու դուրս չեմ ելլեր։ Ու հաւատա, եթէ յիսուն տարի ալ մնամ այստեղ, նկարելիք նիւթ ունիմ ու կր նկարեմ։

Երբ կր խօսիմ, կը զգամ, թէ բան մը մոռգայ ըսելու, բան մը պիտի ըսէի ու չկրցայ ըսել, բայգ նկարներուս մէջ մտածումներս աւելի ամբող­ջական են։ Նկարելռվ խօսիը, նկարելով խօսիլը ինքնութեանս թարգ­մանութիւնն է։

ճիշդ այս խօսքին աւարտին ներս կր մտնեն Տիկ. Ժանսեմն ու նկարիչին աւադ աղջիկը։ կր ծանօթանանք։ կր խօսին քիչ մը ինծի, քիչ մը արուեստագէտին հետ ու դուրս կեըեն։

Լայն շունչ մր կքաոնէ ժանսեմ, ու, լալ որ գացին, կիսէ, իրենց մասին պիտի խօսէի։

Ես հայ եմ ու ֆրանսացի նկարիչ: Մեծ ողբերգութիւն մը կապրիմ։ կերեւի շատ հայեր նոյն ողբերգութիւնը կապրին։ Տեսար կինս ու աւագ աՂՒ^ս։ <կլսյէ մս հայ եմ, կինս հայ է, այս աղջիկս որ տեսար, քիչ մր հայ է, ելւկրորդ զաւակս նուաղ հայ է։ փոքրիկս հայ չէ, արդէն ֆրանսացի է։ Ինչ ընենք։ կը պայքարինք, որ հայ մնանք։ Ոայց ապրիլ Ֆրանսայի մէջ ամբողջ կեանք մր ու կապ չունենալ Ֆրանսայի հետ, անկարեւփ է։ Պիտի ուզկի, որ մ արդիկ անողոք չրԱային իմ սերունդին հանդէպ։ Ահա գոր՜ծերս... ես ֆրանսական նկարչութեան կը պատկան իմ, բայգ տեղ մր, նկարչութիւնս, կը կրէ հայկականութեանս կնիքը, չի կրնար չկրել...

Իմ կեանքս դիւրին չեղաւ։ Շատ նկարիչներ կան Ֆրանսայի մէջ։