Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/368

Այս էջը սրբագրված է

Նանր գանգատ մը ունի: Գառդուն թզբազիր իմ Հայերէնի դասեբուքս, կիսէ ան: Հայերէնը եւրրորդ անձ մը սորվեցնելու է քեզի, կվըսէ Գաուզու: Ես պէտք է նկարեմ: Անհաշիւ գործ ունիմ: Պէտք է զբաղիմ խեցեգործութեամբ, թատերական զգեստաւորումի հարցերով, լիթոներով ու նկարչութեան բոլոր սեռերով։ Ւս կ ժամանակ, չկայ: Ո^ր մէկ ուն Հասնիմ:

Հյատ Հանդիպումներ ունեցած եմ Գառզուներուն հետ Երեւանի, Փարիզի, Պէյրութի եւ Հալէպի մէջ:

Ամէն Հանդիպում այս գե գան կտրիչին Հետ, նոր երկիր մը տեսնելու կր նմանի: Այն ինչ բանաստեղծները րաոերով կը ներկայացնեն, նկարիչը տալու է գոյներով, պաստառի վրայ:

Նկարիչը, արուեստագէտը, ազատ մարգն է: Բայց ազատութիւնը երբեւէ րԱալու չէ անսահման: Հոն ուր անսահման է ազատութիւնը, այդտեղ յատկապէս կաշկանդուած կիըայ ազատութիւնը: Որովհետեւ, հոն, այդ ազատութեան կր հետեւի անիշխանութիւնը, որ կը յանգի փլուզումի:

Նկարչութիւնը պէտք է պաստառէ մարդու հոգին, մարդուն ներաշ­խարհը ու ո՞վ չի գիտեր, որ այդ ներաշխարհը անսահման է:

Գառդու, դարասկիգբի եօթին կր ծնի Հալէպի մէջ, տիգրանակերտցի ծնողներէ, ապա կր հաստատուի Գահիրէ: Այստեղ, Գալուստն ան վարժա­րանի աշակերտ է: Այս շրջանին, 1923–24ին, Գահիրէի մէջ ցուցահանդէս մը կունենայ հայ նչ անաւոր նկարիչ Սարդիս Խաչ ատուրեանը: Խաչատուրեանին կր ներկայանայ պատանի Գառնիկ Զուլումեանր եւ անոր ցոյց կու տայ իր նախափորձերը: Արուեստագէտը կը քաջալերէ պատանին եւ կր թելադրէ մեկնիլ Եւրոպա:

Ու ինք թռիչքով մը կքանցնի Եւրոպա, տարիներու հետ զօրացող իր թեւերով սաւառնելու համար բովանդակ Եւրոպայի վերեւ:

Պրկուած բան մը կայ ձեր գործերուն մէջ, կիսեմ, բան մը, որ կարծես պիտի պայթի:

Այո, կեանքն է այդպէս: Պայթուցիկ վիճակ չե^ն ներկայացներ մեր ապրած օրերը:

Նանր մեր խօսակցութեան ազ ու պղպեղն է: Գառնիկին ամէնէն մեծյանցանքը իր յանցանք չունենալն է, կիսէ: Ուրիշ յանցանք մըն ալ ունի, երբ իրեն հետ կր խօսիս, ինք լուսնի մէջ է, նկարելու մասին կր մտածէ։

Բայց եթէ հարցնէք թէ իր մեծ արժանիքներէն մէկր ի՜°նչ է, սապէս պիտի պատասխանեմ.– Շնորհիւ Գառզուին, տեսայ Հայաստանր ու Հայաստանր դարձաւ իմ հայրենիքս, իմ երկիրս, իմընտանիքս...

Ու Գաողուն աւելցուր.– Ւնծի համար մեծ՝ բախտաւորութիւն էր Հայաստան երթալս: Տիեզերքին մէջ տիեզերքս հայրենիքս գտայ ու խորապէս ապրեցայ այն համոզումի, որ արուեստը մի այն այն ժամանակ կը