Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/382

Այս էջը սրբագրված է

ԿԱՐՏԻՆ ԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ

Արմինէին հետ գացած էինք Հրւոմ։ Ո՜°ւր երթայինք, որ հայու հան­դիպէինք։ Ծով հայութենէն Հայաստանէն կու գայինք, ու ահա մէկ քանի օր ետք, հայեր տեսնելու ծով կարօտը ունէինք:

Հոոմի մէջ հայեր գիտէինք, որ կային։ Ո^ւր կրնային ըըալ բացի իրենց կղզեակ տուներէն - հայոց եկեղեցիին մէջ։

Գացինք Լեւոնեան հաստատութիւն։ Ծանօթացա նք Հայր Սեթեանին։ Հոն գտանք եարտինալ Աղաճանեանին քոյրը, որ նոր եկած էր Վրաստանի հայաբնակ մէկ գիւղէն1 Ախալքալաքի շրջանէն։

Նստեցանք զրոյցի ու փափաք յայտնեցինք տեսակցիլ հայ մեծ եկե­ղեցականին հետ։

Հեոախօսային կապ, ժամադրութիւն։ եարտինալր կրնար հինգ վայրկեան տրամադրել մեղի։

Բարձրացանք վեր, աջը առինք հոգեւոր տիրոջ։

Ծանօթութիւն տուինք մեր մասին, թէ ամուսիններ ենք, երկու զա­ւակ ունինք, հալէպցի ենք ու կ*ուսանինք Երեւանի մէջ։

Եսկ այդ օրուան մեր նպատա՜կը։ Տեսակցութիւն մը հոգեւոր Տիրոջ հետ, որպէսզի մամուլին մէջ արտայայտուինք այդ մասին։

Մեր խօսակցութիւնը տեւեց շուրջ երկու ժամ։ Երբ ոտքի կ*եըէինք, ըսի Հոգեւոր Տիրոջ, որ մեր գալուն չորս վայրկեան եղաւ միայն ու մէկ վայրկեան եւս ունինք օգտագործելի։

Մեղմ ժպիտ մը շողաց դէմքին։ Ջեղի հետ, ըսաւ, կարելի է եր կար խօսիլ։

ե^նչ հարցեր տուինք։ Մէկ ու միակ հարց.

- Հոգեւոր Տէր, նկատելով որ դուք քաղաքական անձնաւորութիւն մր չէք, կուզեմ ոչ քաղաքական հարց մը տալ ձեղի: Ւ^նչ պէտք է ընենք, որ մեր ժողովուրդը գոյատեւէ...

Ձեր ոչ քաղաքական հարցին, ոչ քաղաքական պատասխան մը պիտի տամ, ըսաւ Հոգեւոր Տէրը.– Մեր ժողովուրդը պիտի մնայ, պիտի գոյատեւէ, եթէ հետեւի իր պապերու օրինակին, կապուի հողին, ամրացնէ յոյսը, հաւատայ իր գալիքին։ Մտածեցէք, շարունակեց Հոգեւոր Տէրը, ինչպէս հասած է մեր ժողովուրդը քսաներորդ դարին։

քսաներորդ դարին հասնող մեր ժողովուրդը կրնայ շարունակել իր րնթացքը, ինչպէս ըսի, իր պապերուն օրինակովը, որոնք պահել գիտցան ինքզինքնին։