Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/383

Այս էջը սրբագրված է

Մեղի կը մնայ, Սփիւռքի մէջ, ընել նոյնը, չյուսահատիլ, պահեւլ լեզուն, աւանդութիւնները, հաւատքը:

Բաժնուեցանք: Կարտինալ Աղաճանեան կը խօսէր մաքուր հայերէ­նով, կեցուածքը առինքնող էր, ժպիտը ներշնչող:

երբ կը մեկնէինք, ըսաւ.– Կեցէք պահ մը, նուէրներ ունիմ ձեր զա­ւակներուն համար։ Բերաւ երկու ոսկեջրած մետալ, երկուքն ալ Բաջն Վարդան Մամիկոնեանը ներկայացնող։

Շնորհակալութիւն յայտնեցինք ու իջանք վար;

Վարը մեզ կեցուցին, ըսին թէ, Կարտինալը հեռախօսած է իր անձ­նական բժիշկին Տոքթ. Հեպոյեանին, որ մեզ ճաշի տանի քաղաքէն դուրս ճաշարան մը։

Կարտինալը չէր կրնար ընկերակցիլ մեզի; Մենք իր հիւրերն էինք; Տոքթ. Հեպոյեանին եւ քոյր Աղաճանեանին հետ մեր անցուցածմէկ քանի ժամերը հայկական խանդավառութեամր անցան;

ՀԱՅԿԱԶ ԽԱՁԱՏՈԻՐԵԱՆ

Որք ան Հայկազներ կր ճանչնամ; Մէկը շապկագործ է, Հալէպ կապ­րի։ Միասին աւարտեցինք նախակրթարանր; Մէկը լուսանկարիչ էր, հայրենասէր մարզ; Այժմ Նիւ եորք կապրի; Ւնչո^ւ եկար հոս, ըսի, բերին որ հոս թաղեն, ըսաւ; Բանի Հայաստանիս օգտակար չէի կրնար ըԱալ այլեւս, ուզեցի հոս թաղուիլ, ըսաւ:

Երրորդ Հայկազը որ կր ճանչնամ, ատամնաբոյժ էր։ եղած էր գա­ղափարի ուսուցիչը այսօրուան շարք^մը Միջին Արեւելքի ղեկավարներուն; Արարատի դիմացը տուն ունէր; Նստած իր տան սարփենային տակ, կր դիտէի մեր վեհափառ Մասիսները...

Այս Հայկազունր Ամերիկա չհասաւ, թաղուեցաւ Յունաստանի մէջ; Տակաւին շատ Հայկազուններ կը ճանչնամ, բայց պիտի խօսիմ Հայ– կազ Խաչատուրեանի մասին;

եթէ Խաչատոլրեան ըսէք, մարգ չի ճանչնար զինք; Մեր Հայկաղն է ան:

Բաց ծովերու վրայ, բաց կուրծքով տարիներով եղած է նաւաստի: Ոչ գրող է, ոչ արուեստագէտ, ոչ քաղաքական գործիչ; Հայ մրն է; Սեր մեծողբերգութեան որբերէն մէկը, որ սկիզբը ինկած է Յունաստան, հոն ապրած որբանոցներու մէջ, ապրած որբանոցային կեանքի րոլոր նուաստացումները, երբ օր մրն ալ ըսած են իրեն.– ել գնա, մեծցած ես, գնա ու գլխուդ ճարին նայէ...