Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/390

Այս էջը սրբագրված է

ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ


«ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԵԻ ՄԱՐԳԵՐ»։ Ես վէպ կոչեցի այս գիրքս, որ ձեզի
համար վէպ մը չէ ապահովաբար։ Վէպերը վախճան մը կունենան։ Րայր
այս վէպը իմ ժողովուրդիս վէպն է, որ վախճան չունի։ Ուրեմն վէպս ալ
չունի վախճան, քանի կը շարունակուի ժողովուրդս:
 
Ես գիտեմ, շարունակելի այս վէպս, ան կասկած, կը շարունակեն
ուրիշ հայեր, աւելի գեղեցկօրէն; Համաձայն եմ ու վստահ, որ այդպէս
պիտի ըլլայ։
 
Ես, պարզապէս այս տեղ դադար տուի վէպիս, որուն հայ թէ օտար
բոլոր հերոսները իմ ժողովուրդիս մասին մտածեցին, ըսին խօսք մը, գործեցին, գրեցին...

Վէպ մը չէ գործս, բայց հանդիպումներս վիպական են։
Կը շարունակուի հայ ժողովուրդին վէպը։
Գալիք հայեր, ես կը մնամ հեռուներու մէջ, դուրէ եւ փոշիներու
մէջ, բայց ուր ալ ըլլամ, գիտեմ, դուք պիտի ըըաք աւելի մեծ, աւելի
բախտաւոր, դուք մեր հողին վրայ պիտի ապրիք, հասակ առնէք, աս տղէ
աստղ թռչիք...

Այս հեռուներէն կնղջունեմ ձեր թռիչքը կողջունեմ վէպիս
շա­րունակութիւնը....
 
Զեզի հաւատացող, ձեզ, բոլորդ ի սրտէ սիրող

ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ