Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/49

Այս էջը սրբագրված է

րանին սենեակներուն պատերէն մեղի նայող նկարները, մեկնաբանեցինք, վերլուծեցինք ու բարի գիլեր մաղթեցինք Հասրաթեաններուն։

Սոսկ ուայի մէջ քանի** հայ գի տնականն եր կան:

Շ*մ՜տ։

Տարրեր էր սակայն Եզր աս Հասրաթեանը թէՀ որպէս գի տնական, թէ՛ որպէս հայ, թէ՛ որպէս մարգ:

Հալէպ

Ւնծի համար այս անունր կու գայ հեռաւոր դարերէն: Ո^ւր է Խար բեր դի կամ Բարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղը։ Ո^ւր են այդ գիւղին հայ բնակիչները:

Նուրիկեանը, տարատունկ ծառ, այս գիւղէն էր, բայց իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ Նիւ Եորքի մէջ:

Գրեց «Այգեկութը»ը։ Ո^ւր էր իր այգին։ Երկրին մէջ էր, Խարբերդի մէջ: Ու Նուրիկեան պահեց իր այգին հեռաւոր ափերու վրայ, մշակեց իր այգին ՍՀ Մեսրոպի Ա. Ո. Գ.ով, մաքրեց իր այգիին մոլախոտերը, գրեց որթատունկերու մասին ու հայ դիրի արեւով հասունցուց իր խաղողը, խաղող, որ հայ քիմքին բերաւ բոյրր հայրենի:

Ւր բերքը մեծչեղաւ, բայց ինչ որ տուաւ, րնտիր էր, Հայաստանի րնտիր քոնեաքին նման:

Խմբագրեց «Նոր Գիր»ը։ Ւր այգիէն ներս րնդունեց նոր այգե­ պաններ, միշտ ու միայն հայ հոգիին Սփիւռքի խոպանին վրայ նորապրտուղներու ի խնդիր...

Առաջին ան գամ զինք տեսայ Երեւանի մէջ, երբ ուսանող էի։ Համեստ բայց վարպետ գրողը ինծի ներկայացնել փորձեց բարեկամս Անդրանիկ Ա. Փօլատեանր: Աեոքս արգելքի նշանով մը բարձրացուցի ու ըսի՛– Անդրանիկ, կը կարծելս, որ պէտք կայ ներկայացման, Նուրիկեանն է, վարպետը, մեր հեռաւոր այգեպանը:

Երերս ալ խնդացինք:

Երբ կը համբուրէի այգեպանին կոշկոռ կապած ձեռքը, կարծէք Խարբերդի հողը կը համբուրէի, կեանքով, հայ կեանքով յղի հողը... նայեցայ դէմքին, հագուստ կապուստին, լսեցի ձայնն իր ու ըսի հոգիիս մէջէն.- Այս մարգը, սուտ է, Ամերիկայէն չէ որ կու գայ: ճիշդր եթէ կ*ուզէք, այս մարգը Հայաստանէն կու գայ: Ւր ժպիտին մէջ էր Հայաստանր, Իր ձայնին մէջ, իր խօսքին մէջ; Վաթսուն տարին չէր կրցած Նուրիկեանը ամերկացիի վերածեր