Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/56

Այս էջը սրբագրված է

1974 թուականին, Պէյրութի մէջ կայացաւ հայ բժիշկներու միջազգային Ա. համագումարը: Ինք եկած էր, Ամերիկայէն իր հետ բերելով տասնեօթ հոգի: Այդ համագումարին վարկը իրմով ալ բարձրացաւ:

Համագումարի սրահը գունդ աո գունդ հիւանդներ կու գային, խընդրելով բժշկապետին օժանդակութիւնը:

Ահա ինծի մօտեցաւ զոյգ մը1 Տէր եւ Տիկ. Տէր Խաչատոլրեաններ։ Կը խնդրէին միջնորդութիւնս իրենց երիտասարդ զաւակին սխալ տեղադրուած սրունքը ուղղելու կապակցութեամբ:

Վազեցի բժշկապետին մօտ։ Համագումարը վերջացած էր: Օրն էր ողջագուրումներու, հասցէներու փոխանակումի, համբուրուելու։

Բացատրեցի երիտասարդին կացութիւնը: Մերժեց օգնել կտրականապէս։ Ըսի.– Աասունցի պատանիի մը ոտքը պիտի ուղղես, որ ուղիդ քալէ, դէպի Հայաստան քալէ, չկաղայ, կազ ոտքով չի կրնար իր սիրածը գրկել, փրկէ այդ ոտքը, որ տղան իր սիրած աղջիկը գրկէ եւ ուղիդ քալէ։

Բայց ժամանակ չկայ, վաղն աոաւօտ թռիչք կառնեմ դէպի Երեւան, անկէ ալ Ամերիկա։

Թռիչքդ, ըսի, յետ միջօրէին է։ Գործողութիւնը կը կատարես առա­ւօտեան, անեսթեզին ես կու տամ, կը փրկուի հայ երիտասարդի մը ոտքը, ապագան։ Այդ տղան կ*օրհնէ քեզ, կեանքին ծուռ չի նայիր, չի նզովեր իր բախտը։

Բժշկապետ Բէքլիկեան կատարեց գործողութիւնը։ Ընտանիք մը բերկրանք ապրեցաւ։ ճամբորդութեան ն ախ ա ժամուն կատարեց գործո­ղութիւնը ու այդ երիտասարդը, այս օր, Պէյրութի մէջ, կ*օրհնէ յիշատակը հաճընցի բժշկապետին սասունցիօրէն։

Այդպէս էր Բէքլիկեան բժշկապետը։

1980ին, Տիթրոյթ էինք միասին։ Ուրախ էր։ Եր աշխատած հիւանդանոցին ոսկրաբուժութեան բաժինն ու համալսարանի ամպիոնը կոչած էին իր անունով։ Ու այս առիթով, տուեալ բժշկական հաստա­տութեան, Ալեք Մանուկեանը նուիրած էր յիսուն հազար տոլար։

Զարմացած էր ու հրճուածբժշկապետը։

1984 Հոկտեմբեր։ Մոնթրէալ։ Հայ բժիշկներու Միջազգային Երրորդ Համագումար։ Համագումարի երրորդ օրն է։ Ւնծի տրուած է նախագա­հելու պաշտօնը։ Խօսք պիտի առնէ որդի Բէքլիկեան: Հոն է նաեւ Տիկ. Բէքլիկե անը։

Բոլոր ներկաները, շուրջչորս հարիւր Հոգի կը հրաւիրեմ կանգնելու ոտքի, յարւքելու համար յիշատակը բժշկապետին, ու վայրկեան մը լռութենէ ետք բեմ հրաւիրելով որդի բժիշկ Բէքլիկեանը կը յայտարարեմ,- Գնաց Բժիշկ Բէքլիկեանը, եկաւ Բժիշկ Բէքլիկե անը։ Բոլորը կը ծափա­ հարեն։