Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/62

Այս էջը սրբագրված է

Յակորը սպասեակ էր Պաշշուրի ճաշարանին մէջ: ճաշարան որ կիսեմ, չկարծէք շատ մեծէր։ Յակոբ կր հասնէր բոլոր յաճախորդներուն:

Ինչպէս երէկ, նոյնպէս այսօր, Հալէպի ճաշարանները լեցնողները հայեր էին։ Ըսել չեմ ուզեր, հայերը շատակեր են։ Պարզապէս, ամէն հայ, տարագրութեան ճամբաներուն անսուաղ մեռած քոյր մը, եղբայր մը, մեծ մայր ու հայր մը ունենալուն, անոնց փոխարէն ալ կուտէ... ահա թէ ինչու ճաշարանները լեցուն կքըԱան հայերով:

Այս Յակորը, հաւատացէք, կապ մը չունէր Ես ալին հետ: Պարզ հայ մըն էր ու արդէն հայր երեք զաւակներու - Գրիգոր, Մկրտիչ, Զաւէն: Առաջինը իր հօր անունն էր, երկրորդը * կնոջ հօր անունը, իսկ երրորդը * տարագրութեան ճամբաներուն վրայ հիւծուելով մեռած աւագ եղբօր անունը։

Այս Յակորը հազուադէպ կը նստէր իր զաւակներուն հետ։ Երեքն ալ դպրոց կերթային։ Ու երբ հայրը մէկիկ մէկիկ կը հարցնէր իրենց,

- Գրիգոր, եաւրում, մեծնաս ի^նչ պիտի ըլլաս։

- Մկրտիչ, եաւրում, մեծնաս ի^նչ պիտի ըլլաս։

- Զաւէն, եաւրում, մեծնաս ի՜°նչ պիտի ըլլաս։

Բոլորն ալ խօսքը մէկ ըրած կը պատասխանէին,

- Հայրիկ, բանաստեղծ պիտի ըլլամ։

Յակոբ կը տխրէր ու կ իսէր.– ԾՕ, բոլորդ ալ կ*ուզէք անօթի՜* մեռնիլ։ Բանաստեղծ մը ե՜*րբ կշտացեր է։ Անօթի կը մեռնիք, անօթի... Խելքերնիդ տուն կանչեցէք...

Ահա այդ օրերուն սկսաւ Պաշշուրի ճաշարանը այցելել Անդրանիկ Ծառուկեանր։

Աու գար քիչ մը, թեթեւ մը կաղալով, միշտ անկիւնը կը նստէր, շրջապատուած մէկ քանի ազգայիններով, ու կը խօսէր, կը խօսէր.. ներկաներր կր կախուէին իր հաստ շրթներէն։ Ւ՜*նչ կը խօսէր այդ խափշիկի նմանող մարգը այսպէս, որ բոլորը անոր խօսքի ճպոտին կը հետեւէին։ այ9 ամէնէն կարեւորր այն էր, որ Ծ առուկեանր, միշտ, ինք կը մաքրէր սեղանին հաշիւը ու Յակոբին կը թողուր վերադիրէն աւելի բան մը։

Մէկ անգամ, երկու անգամ, ամէն օր այս էր վիճակը։

Յակորը մտածեց ինքն իրեն, որ ինք, բանաստեղծներու մասին սխալ կարծիք ունի։ Ուստի, այդպէս մտածած օրն իսկք եկաւ տուն, կանչեց իր զաւակները1 Գրիգորը, Մկրտիչը, Զաւէնր ու ըսաւ անոնց,– Զոճուխնեւրս, դուք իրաւունք ունիք, ես սխալած եմ, իրաւունք ունիք, երեքդ ալ բանաստեղծ եղէք, քանի որ Անդրանիկ Ծառուկեան բանաստեղծը ամէն օր ինք կը վճարէ սեղանին հաշիւները ու տակաւին ինծի ալ դրամ կու տայ։