Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/69

Այս էջը սրբագրված է

Ո*չ քսակահատ մը մօտեցաւ ինծի, ո/չ դանակ ցոյց տուող ու ոՀչ իսկ կծու խօսք ըսող։ Այս բոլորը գրելէս ետք, չեմ կարծեր, որ յաջորդ Նիւ եորք երթալուս ինծի երթեւեկի ձրի տոմս մը տան...

Ելայ գետնուղիէն, գտայ բարեկամներս1 Զարմինէ ու Միսաք Պօղոսեանները։ Եկուր, քեզմով Հալէպը գրկենք, ըսին, մեր հարազատները գրկենք, հալէպահայութիւնը գրկենք։ Կարիք չկար հարցնելու իրենց, կարօտցա^ծ են Հալէպը։ Կարօտը իրենց աչքերուն մէջ եղած էր արցունքի լիճ։ Կարօտը իրենց կոկորդները սեղմած էր ու չէին կրնար խօսիլ գրեթէ տաս վայրկեան։

Երեխայ մի ըԱաք, ղսպեցէք դուք ձեզ, ըսի իրենց, աւելցնելով.

- Գիտէք ձեզի հետ ո^ւր պիտի երթանք։ Արամ Հայկազին տունը, Ռեկօ Բարքի վրայ։ ժամադրութիւն ունիմ, ժամ մը վերջ։

Առաջին յուզումին յաջորդեց Երկրորդը։ Հալէպով յուզուելէ ետք յուզուած էին Արամ Հայկազով, տէր եւ տիկին գրասէր էին, Հայկաղին գրականութեամրը խանդավառ հայեր։

Ժամ մը ետք Արամ Հայկազին յուշիկ մաղուող եւ խորը գացող խօսքերը մտիկ կինէինք։ Զարմանալի հայեր, Նիւ Եորքի մէջ նստած, աշխարհի պիզնէսի կեդրոնին մէջ, գրականութեան մասին կր խօսինք Շապին գարահիսարցի Հայկազին հետ, որ չորս տարի, տարագրութեան օրերուն, մնացած էր Բիւրտիստանի լեռներուն մէջ, բայց մնացած էր հայ։

Ապա, աւելի քան վաթսուն տարի մնացած էր Նիւ Եորքի մէջ ու մնացած1 հայ ու վաթսուն տարի զբաղածգրականութեամբ, առանց մտահոգուելու համրանքովը իր ընթերցողներուն։

Արամ Հայկազին ծանօթացայ 1969թուականին, Երեւանի մէջ, ուր եկած էր որպէս զբօսաշրջիկ։ Զէր սպասած հրաւէր մը հայրենիքէն։ Ինծի կիսէր.– Մարգ իր հայրենիքը հրաւէրո^վ կ՚երթայ։ Այո ոմանք այդպէս կր մտածեն։

Յանկարծ, չեմ գիտեր ինչ բանէ թելադրուած, հարց տուի մեծ ԳՐողինՈ^րն է ձեր նախասիրած հայկական կերակուրը։

Ժպտեցաւ Արամ Հայկազ ու ըսաւ.– Ինչո^ւ այս հարցումը, արդեօք անօթի ես։

- Ո*չ ըսի* պարզապէս կքուզեմ հասկնալ, որ իմ սիր ած գրողս հայկական ճաշերու ո^բ տեսակր կր սիրէ ամէնէն աւելի։

- Հերիսան կր սիրեմ, ըսաւ Հայկազ, յետո^յ:

- Յետոյ, ոչինչ, ըսի։ կիսէիր թէ սկսած ես նկարել, կրնա^նք դիտել նկարներդ։

Վար իջանք։ Արամ Հայկազ դողդոջ քայլերով հետեւեցաւ մեղի։ Ութսունը անցած էր, կր դողար։ Վար իջանք իր արուեստանոցը ու խնչ տեսնենք - գոյներու աշխարհ մը, ծաղիկնեբ, ծաղիկնեբ ու լոյս, հայուն սիրած, Արամ Հայկազին սիրածը։