Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/7

Այս էջը սրբագրված է

Նստածեմ Արժ.Տէր Գալուստ քահանային հիւրասենեակին մէջ։ Տէր հայրը այս սենեակին մէջ կը մեքենագրէ ձերւագիրներս։ Այս տարուան օգոստոսը հեղձուցիչ տաքութիւն մը բերաւ Հալէպ ու այս սենեակը զով է։

Մենք աշխատանքի մէջ ենք, երբ ներս կը մտնէ ութսունամեայ իմ հայրենակիցս Աւետիս Հաչչաճեանը: Կողջագուրուինք։ Ես իր ձեռքը կը համբուրեմ։

Այս մարդը տեսած է հայրս, մեծ հայրս։ Խօսած է անոնց հետ, կա–տակած։ Միասին հաց կերած ու հօրս հետ որսի ելած։ Հօրս հետ, հեւ ի հեւ վազելով գիւղէն հասած է Հռոմկլա ու լող տուած Եփրատի ջուրերուն մէջ։

Կը նայիմ ծերունի Աւետիսի դէմքին, աչքերուն, եւ հոն հօրմէս բան մը տեսնել կուզեմ։ Ես մեծ հայրս չեմ տեսած, հայրս չեմ յիշեր։ Հայրս, մեկնած է աշխարհէն, երբ ես եղած եմ հազիւ երկու տարեկան։ Այս Աւետիսը, հօրս ընկերն է եղած։

Ես կը նայիմ իրեն յուզուած, ինք կը նայի ինծի յուզուած ու յանկարծ, ծերունական ձայնով մը, հեռուներէն, այլուրութենէն եկող ձայնով մը Աւետիս Հաըաճեանը կըսէ.– Յուզեցիր զիս, բժիշկ, երանի հօրդ աչքերը տեսնէին քեզ։ Որքան պիտի ուրախանար հայրդ քեզ այսպէս տեսնելով...։

Երկար շունչ մը կառնէ Աւետիս ՀաԱաճեանր, մեծ ոստումի մը համար կը լարուի կարծէք, նոր շունչ մը եւս կառնէ ու կը շարունակէ.- Արեւմուտս մօտ է, աղաս, ու ես քեզի, հին, շատ հին գաղտնիք մը պիտի յայտնեմ, հին, շատ հին մեղքի մը մասին պիտի խօսիմ... տեսնեմ ի՜նչ պիտի ըսես։

Թորոս մեծ հայրդ մենք կը կոչէինք Թորան։ Անսահման բարի մարդ մըն էր։ երկիր, գիւղէն դուրս, այսինքն միպինէն դուրս ընդարձակ այգի մը ունէր։ Այգիին ճիշդ ԷԿդրոնը բացատ մը կար, քանի մը տասնեակ մեթր ժայռեղէն բացատ մը։ Այդ բացատին ճիշդ կեդրոնը, Թորան մեծ հայրդ խորունկ փոս մը փորած էր, ուր կը հաւաքուէին անձրեւաջուրերը։ Այդ փոսին վրայ, Թորան մեծ հայրդ քարուկիր տնակ մը կառուցած էր չորս կողմէն մանր լուսամուտներով, որ քամիները ելք ու մուտք գործեն ու փոսին ջուրը պաղ մնայ։

Մօտակայ այգիները աշխատանքի գացողները այդ ջուրով կը յա­գեցնէին իրենց ծարաւը ու կօրհնէին Թորան մեծ հայրդ։ Միրգ չորցնող-