ԽՐՏՈԻԻԼԱԿՆԵՐ
Շաս սիրած եմ այս բառր: թառերն ալ ճամբորդներ են: Իրիկուն մը կամ առաւօտ մը ճամբայ կելլեն ու կը քալեն, կը քալեն: Ոմանք յոգնիլ չեն գիտեր, չեն սպառիր, չեն ժանգոտիր, դարերը իրենց փայլ մը կու տան:
Խրտուիլակ: Զեմ գիտեր, ուրկէ ճամբայ ելած է այս բառր: Երր Հասած է Հայաստան ու օր մըն ալ մեդի Հետ դարձած է սփիւռք: Ինծի միշտ այնպէս կը թուի, որ այս բառր օտարամուտ է ու տակաւին մայրամուտը իր հեռու:
Շիքակօ:
^ՒէՒ^Ը^ Ժ^Ւափին, սրճարան մը: Նստած, կը դիտեմ ալեակները լիճին, որոնք թռչուններու երամներ են կարծես դէպի ափ սուրացող: Ու ջուրին ճողփիւնը երդ է ականթներուս: Լիճը երաժիշտ, կ՛երդէ: Կ՛երդէ երդ մը կարօտի, որուն ունկն դիրը ես եմ:
Լիճին վրայ, հովին դէմ, փոքր ու սպիտակ կայմերը նաւակներուն կարապներու պէս նազանքով կր շարժին: Ուրկէ ուր ես զանոնք կը նմանցնեմ խրտուիլակի: Ինչ հակասութիւն: Մարդկտյին միտքը, կը խորհիմ, հակասութիւններու շտեմարաններ ունի, որոնք խորքի ու լայնքի ոէ մէկ չափ ով կր չափուին:
Խրտուիլակներ:
Հանդիպած եմ ձեդի սուրիական անապատի մէկ ովասիսին մէթ Ռագգա հնամեայ քաղաքէն ոչ շատ հեռու:
Հայրս պարտիզպան էր Այն Իսա գիւղին մէթ: Անապատի աստուծոյն պարտիզպանը: Հայրս, իր մշակած պարտէզին մէթ, որ իմ պատանիի ալքերու ս կր թորէր ան պարագիծ, խրտուիլակներ դրած էր, որոնց ոչ հաստատուն խաչաձեւ թեւերը, ոչ հաստատուն գլուխներր հովի ալեբախումին դիմաց աթ ու ահեակ կր ճոճուէին:
Գիշեր մը, ընդոստ արթնցայ պարտէզին վրանին տակ: Ուզեցի դուրս ելլել։ Սաստիկ հով մը պարտէզին ծառերուն ճիւղերն ու տերեւները կը շնկշնկացնէր: Ծառերը տխուր երդ մը կքերգէին։ Յանկարծ տեսայ, որ հեռուն, մէկը կը շարժէր, կարծես դէպի մեր վրանը կու գար: Վախէս պոռացիԳոզը, գոզը:
Հայրս ու մեծ հայրս արթնցան: Այ տղայ, ինչ կը պոռաս, ըսաւ հայրս, երաղ տեսածը, ինչ է: ՏեՀս, գողը կը քալէ, ըսի։ Հայրս վերցուր