Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/82

Այս էջը սրբագրված է

Այդ օրերուն, Մարտիրոս Գուշագճեանին հեւտ որոշած էինք հրատարակել դա դրած «Դէպի երկիր»ը «Երկիր» նոր անունին տակ։ Տարին 1948 էր։

Գացինք տեսնելու Հայր Վահան Յովհաննէսեանր։ Սիրով րնդունեց մեդ, հիւրասիրեց ու տուաւ փունջ մը քերթուած, որոնք երեւցան «Երկիր»ի այդ տարուան թիլին նէջ.–

Տարիներ ետք, գեղեցիկ օր մը, Արմինէին հետ Վենետիկ գտնուեցայ, «Սեւան» Մխիթարեան նաւակով Ս. Վաղար հասանք ուխտաւորներու պէս։ Ուզեցինք Հայր Վահանը տեսնել։ Վանքին շէնքէն դուրս էր։ Բիչ ետք եկաւ խոտի դէզ մը ուսին - Եա", այդ դո՞ւն ես, Թորոս, ըսելն ու խոտի դէզը վար դնելը մէկ եղաւ։ Ողջագուրուեցանք։

- Կր տեսնե՞ս, ըսաւ Հայր Վահան, տեսակ մը կոլխոզնիկ ալ ես եմ։ Ահա Ս. Ղադարի արտերը կը ծաղկեցնեմ, բանջարեղէն կր ցանեմ ու կը հնձեմ: կանաչ բանջարեղէն, կանաչ բանաստեղծութիւն։ Ահա գործս։

Մխիթար Աբբահօր արձանին տակ կը խօսինք։ Ես իրեն լուրեր բե­րած եմ Հայաստանէն, իր ազգականէն, որ դասընկերս է՝ Պիոսէն, յետոյ, Պիոսր փոխեց իր անունը ու դարձաւ Անդրանիկ։

Ծղալբիլա գիւղէն էր Անդրանիկը, ինչսլէս նաեւ Հայր Վահանը։ Ախալքալաքի շրջան:

Եր յուսան կար ուինք։ Իր նոր գիրքերը կր նուիրէ մեղի։

Նոր տարիներ կը գումաբուին հին դարերուն վրայ։ Հայր Վա հան Յովհաննէսեանը կու գայ Երեւան: Անասեւաններու տունէն մէջ կը հանդիպինք իրարու: Հայր Վահան, խնչ ուրախ հանդիպում էր այդ, Հալէպէն ու Վենետիկէն Վեր տեսակցութ՜իւն Երեւանի մէջ: Անդուլ կը գրէիր* Սփիւռքի հայ պատանիները հայ պահելու մասին կը մտածէիր ու անկեղծ էիր մտածումներուդ մէջ: Ահա թէ ինչ ո Ղ հայ պատանին սիրեր շարքը փոքրիկ հերոսներուդ:

Դուն կտրեցիր սահմանը ու դարձար քաղաքացին երկնաբնակ­ ներ ուն: Մենք տխրեցանք այդ մեկնումիդ համար, քանի որ այստեղ աւելի պէտք ունէինք քեղի, քան սահմանին միւս կսղմը:

Օայց գիտելս արդեօք, որ աւելի տխրեցանք բարեկամներուդ Անասեաններուն համար, որոնք շունչերնին առին Լոս Անճելըս...

Մեր գաղութր, նախքան մեկնումդ, արդարութիւն ըրաւ քեզի համար ու մենք դարձեալ տեսնուեցանք Հալէպի մէջ ուր տօնեցինք քու գրական գործունէութեանդ յիսնամեակը:

Օրուան խօսողը ես էի: Հալէպի «Զուարթնոց» եկեղեցիին հանդի– սասրահր լեցուած էր պռունկէ պռունկ:

Այդ եդ աւ մեր վերջին տեսակցութիւնը:

Օայց քեզ պիտի բարեւեն շատ սերունդներ, Հայր Վահան: Դուն այդ սերունդները պիտի չկարենաս տեսնել, բայց անոնք պիտի տեսնեն