Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/86

Այս էջը սրբագրված է

Անթէններու հաւաքածոյ մը։ Տիեզերքին անհունութիւնը զգացող, ուրիշ-ոլրիշ մոլորակներ իր հոգիին հայելիէն արտացոլող։ Լեռներու տնգոցը, արեւին սպառումը, լուսինին հառաչը, ովկիաններու լռութիւնը վիպերգող մարզ մը, անունը Նիկոզոս Սարաֆեան։ Ուրեմն հայ մը։

Ապրեցաւ առանձին։ Սիրեց մինակութիւնը։ Ապրեցաւ մաըդոց խարդաւանքը։ Ոոլոր մեղքերու ցաւը ղիեք մղեց առանձնութեան, երբ գիտակցեցաւ աշխարհը վերափոխելու իր անկարողութեան։

Ինչու՞ կր հոսի գետը։ Որպէսզի իր երկու ափերուն ծառ ու ծաղիկ սփռէ։

Ինչո՞ւ ղէպի երկինք կր ձգտի լեռր, Հիմալայան, Արարատը, որպէսզի մարդր բարձրերուն ձգտի, ապրի հմայքը վեհութեան։

Արծիւր ինչո՞ւ կր սաւառնի ու հեքիաթի ձին կ րԱայ թեւաւոր, որպէսզի մենք ձգտինք կապոյտն ի վեր թռիչք կատարելու:

Արեւն ի զո՞ւր կր ջերմացնէ ու կր լուսաւորէ։ Օ՜, ո Հչ։ Արեւին հրճըւանքը մարգն է ու արեւն արժեւորողր դարձեալ մարդր։

Այս բոլորէն վեր ջ, գրողը ինչո^ւ կր գրէ, եթէ իր լոյսր պիտի ան­տեսուի, ինչը պիտի ջերմացնէ եթէ ոչ մարդկային հոգին, ինչո^ւ պիտի գլգլայ եթէ ծառ. ու ծաղիկ պիտի չսփռեն ստուեր ու բուրմունք ու մանաւանդ, ու ման աւանդ մարգը պիտի չսիրէ իր նմանը:

Նիկողոս Սարաֆեան։ Հայ մը ու այդ տլ տարագիր հայ մը։ Տարագիր հայ մը, որ իր հոգին դարձուց մագնիս բոլոր այլոլրութիւններու հանդէպ, իր հոգիին ովկիանոսը լայն բացաւ բոլոր Միսիսիբիներու, Ամազոններու, էանկցէնկեանկներու, Գանկէսներու, Դոներու, Վոլկաներու, Լուարներու, Թայմղերու առջեւ, որպէսզի այդ բոլորով լեցուելէ ետք ոռոգէ իր ափ մը հող մայրենին, իր ափ մր ժողովուրդը, դարերէն եկող ժողովուրդը։

Ոայց իր ոտքին տակ ֆրանսական հողն էր ու բերնին մէջ Մեսրոպի լեղուն։ Ոայց իր ոտքին տակ չկար Արարատեան դաշտր ու իր գրիչին տակ բարբառն էր մայրենի։

Սխալ տեղ ծնած, սխալ տեղ ինկած էր։ Չ՝րիչ չտատՒ(1 աՏս ^աՏ մարդուն, Աստուած, եթէ զինք պիտի նետէիր օտար ափ։ Չտայիր։ Շնորհակալ կ *ԸԱայՒնՔ։

Բայց տուիր։ Ու Նիկողոս Աարաֆեանը գրեց։ 9քեց արձակ ու չա­փածոյ։ ՂրԼց։ ՝Ոանի*° հոգի կարդաց: Այս կրակին Աարաֆեանին ոգին ինչպէ^ս տոկար։ ԸսէՀ, ինչպէ^ս տոկար։