Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/93

Այս էջը սրբագրված է

Լռելո^ւ ենք մեծ գործին թերին տեսնելով. երբե՜ք: Խօսիլն է ճիշդը: քննադատելն է ճիշդր:

Տարիներ ետք, աոիթր ունեցայ գտնուելու Մարի Աթմաճեանի տունին մէջ: Համեստ ամուսին մր ունէր, որ թէեւ ֆրանսացի, հայերէնը կր խօսէր հայու մր նման:

Աթմաճեանին հետ մեր նիւթը Ա. Աեման էր, Գեղամը, բանաստեղծուհիին եղբայրը:

Ուրիշ առիթով մը, հրաւիրուած էինք արձակագիր Հրանդ Գույումճեանին տունը։ Մարի Աթմաճեանը, Մելինէ Մանուշեանն ու այս տողերը գրողը: Անմոռանալի հանդիպում մըն էր այս մէկը:

Հրանդ Գույումճեան, նախկին այս յունահայը, որ Փարիղի Պիզու փողոցին վրայ կօշկակարատուն մը ունէր, մագնիսական բեւեռի դեր մը կը կատարէր բոլոր գրասէրներու համար:

Աը հաւաքուէինք իր խանութին մէջ: Հրանդր, մէկ կողմէն կօշիկ կը կարէ/7, մուրճ կը բանեցնէր ու միւս կողմէն կր պատմէր իր անոյշ պատմութիւներէն մէկը: Տեղւոյն վրայ բերանացի կը ստեղծագործէր, որպէսզի ցերեկին պատմածը իրիկունը տուն երթալով, որպէս գրականութիւն թուղթին յանձնէր:

Այդ օրը մենք Գույումճեանին հիլրերն էինք: Աթմաճեանը հին յոլշեր կը պատմէր Եթ ո վպիայէն: կը խօսէր Սեմայի մասին: Զարմանա/փ կին էր Մարին: կիները, սովորաբար իրենք իրենց մասին կր խօսին, Մարիին նիւթր իր նահատակ եղբայրն էր։ Գեղամ Աթմաճեանը:

Նոյն խմորէն շաղուած մըն ալ Մելինէ Մանուշեանն էր: Ան ալ շա­րունակ իր ամուսինին Միսաք Մանուշեանին մասին կը խօսէր:

Միսաքն ու Գեղամր եղած են մօտիկ բարեկամներ, կարելի է ըսել սիրտի ու միտքի եղբայրներ: Միասին հրատարակած են «Ջանք»ը, անասելի դժուարութիւնն եր ով* տեղ մը շարել, ուրիշ տեղ մր տպագրել...:

Մարին, Մելինէն, Հրանդր մեր ֆրանսահայ մշակութային շարժումին ղինուոլւներր եղան եւ որոշ աշխուժութիւն բերին գաղութի կեանքին:

Մելինէն, իր ամուսինին Միսաքին հետ դարձաւ Ֆրանսայի ազգային հերոս, մարտնչելով հիթլերական ֆաշիզմին դէմ։

Միսաքն ու Մելինէն բարձրացան ու իրենց հետ բարձրացուցին զիրենք ծ՜նող ժողովուրդին անունը:

Աթմաճեանը կայ ու անուն մըն է ֆրանսահայ բանաստեղծութ՜եան մէջ։

Հալէպ