Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/95

Այս էջը սրբագրված է

Տղաքը գոհ են այս խօսքերէս, ես՝ աւելի գոհ։ Մարգ գրասէր ու գրոՂ ԸԱալո4 իԿչպէ^ս կրնայ չուրախանալ Զահրատի ու Խրախունիի բանաստեղծութիւններոփ Հատտէճեանի պատմուածքներով եւ օրագրութիւններով։ Ռոպէրին խմբագրական յօդուածներն ան գամ գրական ճա­շակով գրուած են։

Մեծ Կղզիին մէջ կը հանդիպիմ Զահրատին։ Ի^նչ կընես հոն, կը հարցնէ ինծի։

Կը պատասխանեմ՝.- Սեր մեծ գրողներուն ոտնահետքերը կը փնտռեմ։

Սա տուներու շարքը, որ կը տեսնես, կիսէ Զահրատ, րոլորը բնա­կեցուած են հայերով։

Լաւ, կիսեմ, ես այցելութիւն մը պիտի տամ այդ շարքին, Զահրատ, ճանրս, դուն սպասէ զիս այստեղ։

Մէկ ու կէս ժամ կր տեւէ իմ «գործողութիւնս»։ Տուն-տուն կը մտնեմ ու Հարց կու տամ.– Թերթ, հայերէն թերթ կը ստանանք, ի՜*նչ կը կարդաք։

Եզրակացութիւնս այն կիրայ, որ գրեթէ բոլոր տուները բաժանորդ են հայերէն թերթի մը, բայց շատեր կր կարդան միայն չորրորդ էջը «Մարմարա»ին ու «Ժամանակ»ին, հոն գտնելու համար ննջեցեալի մը կամ ամուսնացող ղոյգի մը կամ կնքուողի մը անունը։

Կու գամ, կիսեմ Զահրատին։ Զանաստեղծր, նախ կր զարմանայ տարած աշխատանքիս վրայ, յետոյ կը տխրի։ Կր տխրինք երկուքս ալ։ Հատտէճեաններու տունին մէջ եմ։ Համեստ տիկին մը ու երեք զաւակներ, յիշողութիւնս շի դաւաճանելը արդեօք ինծի։ Միասին կը ճա­շենք, միասին պտոյտի կ^եըենք, այնքան շատ են տեսարժան վայրերը Ւսթանպուլի նէջ։ Ւսթանպուլի մէջ ամէն ճամբայ, ամէն փողոց, փողոցի ամէն քար յուշ մը կը պահէ հայութենէն։

Պալեաններու կաոուցած ապարանքներուն մասին չէ խօսքը։

Թատրոն, երգ, դիր ու գրականութիւն, արհեստներ, առեւտուր... այսօրուան Իսթանպու/ը իր թրքական երակներուն մէջ հայութիւն ունի, թուրք թատրոնին վրայ Հալը յոգնած է... բայց ՀաՏԸ* այսօր, Ւսթանպուլի մէջ բացակայ ներկայ մրն է։

Խրախունիներու տունին մէջն եմ։ Խրախունի, երաժշտութիւն եւ բանաստեղծութիւն երրորդութիւն, միութիւն են։ Կը զարմանամ Խրախունիի երաժշտական գիտն/իքներու պաշարին վրայ։ Ւնք առեւտուրով կր ՂԲաՂՒ> Հատտէճեանր նոնյպէս, Զահրատր։ նոյնպէս։ Զարմանալի բայց իրաւ, պիտի ըսէր «Նայիրի»ն:

Զայց ասոնցմէ ամէն մէկը եթէ նուիրուէր միայն իր նիւթական ասպարէզին, կը դառնար բազմամիլիոնատէր։ Զայց...

Մանաւանդ Հատտէճեանին գործը, որպէս օրաթերթի խմբագիր, սպառիչ է։ Վազք մրն է իր կեանքը, անօրինակ նուիրում մը։