Էջ:Երկիրներ եւ մարդեր, Թորոս Թորանեան.djvu/99

Այս էջը սրբագրված է

Կր խնդան: Կը նայիմ երկուքին: Հայկին խնդուքը հայերէն է: Տորոթիին խնդուքը, ուրիշ խնդուք մըն է, ապահովացար՝ լեհական:

Ուրկէ՜* գտար այս աղջիկը, Հա Հյկ: Ա,յս թաղին մէջ*. Տարագիրը կը հասկնայ տարագիրի լեդուէն: Իրար հասկցանք: Իմ ցաւերս ինք հասկցաւ: Իր ցաւերը ես հասկցայ: Ցաւ թարգմանելով կապրինք:

Մէկը իր Վարշաւիան կքերաղէ, միւսը՝ իր Երեւանը: Եթէ երազը դառնայիրականութիւն, երկու ցաւ պիտի աւելնայ աշխարհի վրայ: Հայկին մինակ մնալու ել Տորոթիին մինակ մնալու ցաւը:

Հակաոակ Տորոթիին գոյութեան, մինակ եմ, կիսէ Հայկ: Որոշէն հետ խօսիմ, ի՜°նչ խօսիմ: Տոքթոր Քէքլիկեանը կար, առաւօտուն կը հեռախօսէր, կանուխ, ժամը վեցինՀայկ, եկուր, շուտ եկուր, կարեւոր ըսելիք ունիմ: Կնըէի կերթայի: Ի՜*նչ կայ տոքթոր, կիսէի, ի՜°նչ է նորութիւնը: Նորութիւնը քու այս տեղ ըԱալդ է, առանձնութենէս պիտի մեռնիմ, ըսի հեռախօսեմ Հայկին, որ քիչ մը տարտոտուինք ու միասին նախաճաշենք:

խ, կ իսէի, Տորոթին առանձին մնաց:

Շան լակոտ, կիսէր, Տորոթին ալ հետդ բերէիր: Հայ աղջիկ մր չկրցար գտնել: Տորոթին հայ է, կիսէի: Կը վիճէինք, կը հայհոյէինք ու կը վերադառնայի ու թէ տուն, այլ գործատեղի:

Հայկը, ես ու Տորոթին նստած ենք: Անգլերէն խօսելէ կը ձանձ­րանանք: Տորոթին կր զգայ մեր հայերէն խօսելու պահանջքը ու կերթայ իր սենեակը:

Հայկը կիսէ,– տեսար, չէ**, միայն հայ աղջիկ մր կրնայ այնքան զգայուն ըԱալ հայերէն լեցուի նկատմամր: Ըսէ, ինծի նկատմամբ Հայկ, կիսեմ: Ոչ, ոչ, լաւ հասկցիր Տորոթին, այս պարագային մեկնեցաւ, որ մենք հայերէն խօսինք:

Յետոյ, բաւական մր վերջ, Տորոթին հեռախօսով հարց կու տայ,– Հերիք չէ, որ չարչարեցիք հայ լեղուն, քիչ մըն ալ անգլերէնր չարչարենք: Ես կր վերցնեմ հեռախօսափողը, Տորոթի կիսեմ, բայց եսասէր կերեւիս, բնաւ չես ուզեր որ չարչարուի րոլոներէնը: ճեշդ չես, ճիշդ չես, ճիշդ չես, կ իսէ երեք անգամ, երկու ժամէ ի վեր առանձինս կը չարչարէի րոլոներէնը։

Լաւ, Տորոթի, ինչո՜ւ սիրեցիր Հայկը կր չարանամ ես:

Ղ՝ամ ու բացատրեմ, կ իլլայ պատասխանը։ Կու գայ ժպիտով։ Հայկը թէ.– Տորոթի, մեր հայկական ջերմխոսակցութեան վրայ ժպիտդ անձրեւի պէս տեղաց ու մենք զովացանք:

Ահա հարցումիդ պատասխանը կիսէ Տորոթի: Հայկը բանաստեղծ է։ Լսեցիր ըսածը։ Ես իր մէջ ու իրմով բանաստեղծութիւնը սիրած եմ, իրմով երդ ու երաժշտութիւնը սիրա ծ եմ: Իրմով Կոմիտասը սիրած եմ: Հիմա հասկցաք, թէ ինչո՜*ւ սիրած եմ այս խնդացող ու տխուր Հայկը: Իր խնդուքին մէջ ալ տխրութիւն կայ, բանաստեղծութիւն կայ: