Այս էջը հաստատված է
Երջանիկ մահը


Ա.

Տօքթօռ Վահանեան սովորական բժիշկ մը չէ․ մարմնի հիւանդութիւններուն չափ ու, թերեւս անոնցմէ աւելի, հոգիի ցաւերուն հետամուտ, հետաքրքիր բժիշկն է անիկա։ Իր ըմբռնումին ու դատողութեան չափ՝ իր ներողութեան սահմանը ընդարձակ է։ Գիտութեան ֆօրմիւլներուն, կամ իր արհեստին մեքենական կիրառումին մէջ տափակցած ու չքացած միտք մը չէ։

Իր հմտութեան մեծութիւնը՝ չոր ու ցամաք ապառաժի զանգուածին չի նմանիր բնաւ, այլ դալար դաշտավայրի մը ծիծղուն երեւոյթը ունի։

Վաթսունի մօտ, մազը մօրուքը ճերմկած, տկարակազմ, բայց զուարթախոհ մէկն է Տօքթօռը։

Մահուան դէմ՝ իր քառասուն տարուան բժիշկի մղած պայքարովը, մտերմութիւն մը հաստատած է կարծես անոր հետ․ անոր ամէն դաւերը ու խաղերը գիտէ․ անոր զարհուրելի, երբեմն յանկարծահաս ու երբեմն յամեցող հարուածներուն բոլոր գաղտնիքները ուսումնասիրած է։

Իր խօսակցութիւնը օգտաւէտ դասերով, ուղիղ դիտողութիւններով ու իմաստուն խորհրդածութիւններով կը վխտայ։ Անձնական փորձառութենէն ու յիշատակներէն ընդելուզուած պատմութիւնները հետաքրքրութեամբ մտիկ կ՚ըլլուին։

Գատըգիւղի իր տանը մէջ իրիկուն մը ժողվուեր էինք, եւ մարդոց համար ամենէն հետաքրքական հարցումը մէջտեղ նետուեցաւ յանկարծ։ Ո՞րն էր հազար տեսակ մահերուն ամենէն քաղցրը, բժշկական ու հոգեբանական կրկին տեսակէտով։

Յայտնուած կարծիքներուն մէջ համաձայնութիւն չկար․ առողջ ու կայտառ աղջիկ մը, որ Ռաֆայէլ կարդացեր էր եւ դալուկ ու նիհար կազմուածքի մը կը տենչար, թոքախտի հիւծումն