Այս էջը հաստատված է

99

ԵՐՋԱՆԻԿ ՄԱՀԸ

իր գեղեցկութեան մէջ անայլայլ ու հաստատ պահել․ ճերմակած թափած մազերու, փոթփոթած երեսի, թուլցած միսի մը աւելի կամ նուազ տեւողութիւնը նշանակութիւն չունի․ կինը իր երիտասարդութեան, իր հրապոյրներուն մէջ կրնա՞ք վար դնել, կեցնել։ Չէ՞ք կրնար, թող տվեք ուրեմն որ երթայ հոսկէ․ իր պաշտօնը, իր կոչումը աւարտած է ան․ ի՜նչ, կը պահանջես ձայնը մարած երգիչէն՝ որ սրահին վրա՞յ կենայ, մինչեւ որ սուլեն, ծաղրեն ու նախատեն զինքը․ կինը ծիծաղ մըն է, պէտք չէ որ լացի փոխուի։

Հիւանդութիւնը կը սաստկանար, հեղձումները կը յաճախէին ու միշտ խուլ կը մնար անիկա իմ խրատներուս, եւ իր զբօսանքի, հաճոյքի կեանքը անխափան կը շարունակէր։ Տարօրինակ, բայց թերեւս ամենէն ուղիղ ըմբռնումն էր իրենը՝ աշխարհիս մէջ կնոջ մը դերին եւ կոչումին վրայ։ Յոյսը եւ Ուրախութիւնն էր ինքը եւ անձնուրաց արիութեամբ մը կը բաշխէր իր կենդանութիւնը, իր շնորհը, իր հրապոյրը, երբոր ինքը պէտք ունէր ատոնց, Քօբէի մանիշակ ծախող աղջիկին պէս,

Elle mourait de l'hiver, en vendant le printemps.

Գ.


Երեկոյթը իր ամենէն ցնծայոյզ վայրկեանին մէջն էր։ Շատ մը աղուոր կիներ, շատ մը շնորհալից աղջիկներ, այնքան ալ երիտասարդ մարդիկ ու պատանիներ․ լուռ ըղձանքներով ծանրացած մթնոլորտ մը, որուն մէջ՝ տանտիկինը իր հասակին ու արդուզարդին շքեղութեամբը ամենէն զմայլելին կը հանդիսանայ։

Քովես՝ պզտիկ ձայն մը․ ասանկ երեկոյթներու սովորական չարախոսութիւնները, որոնց ամենէն թունաւորները տանտիրուհւոյն դեմ կ՚արձակուէին։

— Տեսէք, իր սիրած երիտասարդէն վայրկեան մը չի բաժնուիր․ մարդ չի սեպեր աս կնիկը։

Երիտասարդը՝ տժգոյն ու նիհար մէկն էր, զոր կիները իրարու ձեռքէ կը խլէին։ Իր վրդոված կեանքին կը պարտէր այս ձգողութիւնը։ Ուրոյնութիւն մը ունէր անիկա, եւ իրեն յատուկ դրոշմ մը կար իրեն պատկանող ամէն բանի մէջ։ Արհամարհոտ