Այս էջը սրբագրված է

— Բիեռո՛յ , հո՛ս եկուր » , պոռաց կինը ։

Այնպիսի հրամայական ձայն մըն էր ասիկայ , որ կրկնել հարկ չէր ․ մէկէն բազմութեան մէջէն կրակուբոց երիտասարդ մը դուրս ցատկեց , և խեղճ կերպով մը առաջ կու գար ոչ ինչ ընդհատ այն շունէն՝ որ գիտէ թէ տիրոջը զինքը կանչելն ծեծելու համար է միայն ։ Բիէռոձ առաւօտուընէ սկսեալ ուրախութեամբ կը սպասէր երեկոյեան ժամերգութեան լմըննալու ժամանակին՝ որ ելեղեցւոյն հրապարակին վրայ ուրիշներուն հետ մէկտեղ խաղայ ․ անոր համար շատ չախորժեցաւ իր մօրաքրոջն ըրած առաջարկութիւնը ։ Բայց մօրաքոյրն անանկ կերպով մը կրկնեց նոյն պատուէրը , որ երիտասարդը խոհեմութիւն սեպեց հնազանդիլը ։ Կինն առաւ օտարական օրիորդէն պզտի ծրարն ու Բիէռոյի տուաւ որ թևին տակն առնէ ․ ետքը մշտելով մը զանիկայ՝ ըսաւ ․ « Անտառներէն գնա , և մասնաւորապէս նայէ որ շատ շուտ պքալցընես այս մատաղ օրիորդը , որ ոչ քու ոտուըներդ և ոչ քու սրունքներդ ունի » ։ Բիէռոյ տհաճ կերպարանքով մը ճամբայ ելաւ ․ մինչդեռ Նէօվի֊լէ֊Պուայի բոլոր բնակիչքը , որոնց ապշութիւնն սկսեր էր անցնիլ , կերպ կերպ մեկնութիւններ կու տային այն նշանաւոր օրուան մէջ հանդիպած գործողութիւններուն ։

Կարծեմ թէ այս գեղին Նէօվի֊լէ֊Պուա