Էջ:Թող Հայաստանը խօսի, Թորոս Թորանեան.djvu/5

Այս էջը սրբագրված չէ

Հայաստանը, եռաձայն, հեռաւոր ու մօտիկ անցեալէն սկսաւ խօսիլ արդէն։ Բայց մեր նպատակը, յաջորդող էջերուն վրայ, խօսիլ տալ է այսօրուան Հայաստանը, որ հերոսական ճիգով մը անձնատուր կը մաքառի յանուն՝ խաւարէն լոյս կորզելու աշխատանքին զոր միայն կոյրերը չեն տեսներ, զոր միայն խուլերը չեն ընկալեր, իրենց իսկ համար թափուած ճիգերը։

Տարին 1995 է եւ եղանակը աջուն։

Ամերիկայէն Հալէպ եկած է պատանեկութեան մէկ ընկերս՝ Միշէլը, որ քաոասուն տարիներէ ի վեր մեկնած է Սուրիայէն։ Կը խօսի արդէն աղճատուած հայերէն մը, բայց տիգրանակերտցի ծնողներու զաւակ ըլլալուն չէ մոռցած մօրենական կաթին հետ իւրացուցած բարբաոը մհր երբեմնի մայրաքաղաքին:

Եկած է, Հալէպէն Հայաստան երթալու համար։ Իր մանկութեան մէկ երազը իրականացնելու համար։ Ուրեմն, անցնող քառասուն տարիները չեն կրցած աղճատել այն

5