հայ գրականութեան մէջ. Մ. Սարգսեանի «Խաչուած քաղաքը» վէպը (որպէս վերջաբան).
Ջաւախք աշխարհի թեման մուտք գործեց հայ գրականութեան մէջ Յովհ. Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» եւ «Փարվանա» անմահ ստեղծագործութիւններով։ Նաեւ Տէրեանի բանաստեղծութիւններն ու Դ. Դեմիրճեանի «Աւելորդը» պատմուածքը։ Կը յիշատակէ Մելքոնյան.
«Խիստ կարեւոր է, որ արձակագիր Մ. Սարգսեանը վէպն աւարտում է լաւատեսական միտումով։ Ընկած մարտիկներին փոխարինած նոր ֆիդայիները յաղթականօրէն հեռանում են մարտադաշտից՝ հայոց նորանկախ պետականութեան խորհրդանիշը Եռագոյնը ծածանելով։
Կարող ենք հաստատապէս պնդել, որ «Խաչուած քաղաքը» հրաշալի վէպը ոչ միայն էականօրէն հարստացրեց ջաւախքեան թեման հայ գրականութեան մէջ, այլեւ՝ մոռացութիւնից փրկեց փոքրիկ լեռնաշխարեի պատմութեան շատ կարեւոր դրուագներ ու մի շարք ինքնատիպ ագգային գործիչների փառահեղ կենսագրութեան ինքնատիպ էջերը»։
Այո՜, ըստ մեզի փրկեց անյայտ մնալու դատապարտուած կարգ մը հերոսներու անուններ, անոնց վառ հայրենասիրութիւնը, նուիրումը, անհաւասար ոյժերով մահը ըմբեռանելը, դիմադրողական շարժումը, որոնք կը մնան վէպին արժանիքները։ Բայց որ վէպը ծանրաբեռնուած է, այդ եւս ճշմարտութիւն է։
«Գրական Ջաւախք» (Գրական խորհրդածութիւններ, դասականներ)
Հայրենաշունչ քնար. Այս բաժինին մէջ հեղինակ Մ. Սարգսեանի գրիչին տակ նոր թռիչք կ'առնէ Աշուղ Ջիւանին իր «Ձախորդ օրերը ձմռան նման կու գան ու կ'երթան» եւ այլ բանաստեղծութիւններով։ Այս էջերը գրուած են սրտի թրթիռներով Ջաւախեցիէ մը՝ Ջաւախեցիի ուղղուած։
Ու այդպէս՝ «Անկիրթ ցեղերը թափառական կու գան ու կ'երթան»։
«Երգը յոբելեար» բաժինը նոյնպէս քնարաշունչ ձօն մըն է նուիրուած Աշուղ Ջիւանիի «Ձախորդ օրերը ձմռան նման կու գան ու կ՝երթան» աննման ստեղծագործութեան 100-ամեակին։ Միա՞յն հարիւր